ՓՐՈՖ. Հուրի Պէրպէրեան՝ Ամպիոնի Վարիչ

Գա­լի­ֆոր­նիոյ հա­մալ­սա­րա­նի Ըր­վայ­նի մաս­նա­ճիւ­ղը կը տե­ղե­կաց­նէ, թէ Հու­րի Պէր­պէ­րեան միա­ցած է հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօ­սա­կան անձ­նա­կազ­մին, իբ­րեւ Հա­յա­գի­տա­կան ուս­մանց Մեղ­րու­նի ըն­տա­նի­քի նա­խա­գա­հա­կան ամ­պիո­նի վա­րիչ։

Բաց աս­տի, հա­մալ­սա­րա­նին նե­ցուկ կանգ­նող տոք­թոր­ներ Ար­մի­նէ եւ Վա­հէ Մեղ­րու­նի­նե­րը, ա­ջակ­ցու­թեամբ տեղ­ւոյն հայ հա­մայն­քին՝ 2 մի­լիոն տո­լա­րով հաս­տա­տած էին սոյն ամ­պիո­նը, ո­րուն 500 հա­զար տո­լա­րի ա­ջակ­ցու­թիւն ցու­ցա­բե­րած էր նաեւ Գա­լի­ֆոր­նիոյ հա­մալ­սա­րա­նի նա­խա­գա­հի գրա­սե­նեա­կը։

Փրոֆ. Հու­րի Պէր­պէ­րեան  Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի ուս­մանց վա­րիչն էր Գա­լի­ֆոր­նիոյ Նա­հան­գա­յին հա­մալ­սա­րա­նի Լոնկ Պի­չի մաս­նա­ճիւ­ղին մէջ եւ մաս­նա­գի­տա­ցած է յատ­կա­պէս Հա­յաս­տա­նի եւ Ի­րա­նի պատ­մու­թեանց տար­բեր բնա­գա­ւառ­նե­րուն մէջ։ Ան ներ­կա­յիս կ՚ու­սում­նա­սի­րէ 20-րդ դա­րու Ռու­սաս­տա­նի, Պարս­կաս­տա­նի եւ Օս­մա­նեան կայս­րու­թեանց մէջ յե­ղա­փո­խու­թիւն­նե­րը։

­Պէր­պէ­րեան կը յայտ­նէ, թէ աշ­խա­տանք պի­տի տա­նի մօ­տէն գոր­ծակ­ցե­լու հա­մար այդ հա­մալ­սա­րա­նին, ինչ­պէս նաեւ Գա­լի­ֆոր­նիոյ հա­մալ­սա­րա­նի այլ մաս­նա­ճիւ­ղե­րու եւ հա­յա­գի­տա­կան ուս­մանց ծրա­գի­րե­րու հետ, նո­րա­հաս­տատ ամ­պիո­նը վե­րա­ծե­լու հա­մար ու­սում­նա­սի­րա­կան եւ ու­սա­նող­ներ պատ­րաս­տե­լու աշ­խոյժ կեդ­րո­նի մը, միա­ժա­մա­նակ կազ­մա­կեր­պե­լով հա­մայն­քա­յին ձեռ­նարկ­ներ։

Միւս կող­մէ, Գա­լի­ֆոր­նիոյ հա­մալ­սա­րա­նի Ըր­վայ­նի մաս­նա­ճիւ­ղին մէջ Հա­յաս­տա­նի եւ հա­յու­թեան նուի­րուած ծրա­գիր­ներ սկսած են ի­րա­գոր­ծուե­լու 2007 թուա­կա­նին, շնոր­հիւ Սիլ­վի Դեր­ձա­կեա­նի ջան­քե­րուն եւ հա­մալ­սա­րա­նի պատ­մու­թեան դա­սա­խօս­նե­րէն Փրոֆ. Թու­րաժ Տա­րիա­յիի ա­ջակ­ցու­թեան։ 2013 թուա­կա­նին, հա­մալ­սա­րա­նին մէջ «Վա­հէ եւ Ար­մի­նէ Մեղ­րու­նի դա­սա­խօ­սա­կան շարք»ը հաս­տա­տուե­ցաւ՝ շնոր­հիւ Մեղ­րու­նի­նե­րուն կա­տա­րած նուի­րա­տուու­թեա­ն։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2016