«ԵՐԿԱԶԳԻ» ՀՐԱԺԵՇՏ

Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի յիշատակին այս առաւօտ Փարիզի «Էնվալիտ»ներու պալատին մէջ տեղի ունեցաւ փառաշուք սգահանդէս մը։ Ֆրանսական պետական արարողակարգով նախատեսուած ազգային աւանդութեան ու ծէսին համաձայն կազմակերպուած էր այս փառաշուք սգահանդէսը, սակայն այդ մէկը արդէն վերածուեցաւ «երկազգի» հրաժեշտի մը։

«Էնվալիտ»ներու պալատի մեծ բակին մէջ, Փարիզի ժամով 10.00-ին սկսաւ սգահանդէսը։ Աւելի քան հազար մասնակիցներ կային, որոնք փութացած էին իրենց վերջին յարգանքը մատուցելու Շարլ Ազնաւուրի նկատմամբ։ Ներկաներու շարքին էին Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը։ Արարողութեան սկիզբին Մաքրոն եւ Փաշինեան միասնաբար մուտք գործեցին մեծ բակ եւ այդ փուլին նուագուեցան Հայաստանի եւ Ֆրանսայի քայլերգները։ Ֆրանսացի զինուորներու կողմէ հանդիսաւորապէս վերաբերուեցաւ Շարլ Ազնաւուրի դագաղը, որ ծածկուած էր ֆրանսական եռագոյնով։ Ֆրանսայի Հանրապետական պահակախումբի զինուորներուն կողմէ վերաբերուած դագաղը զետեղուեցաւ մեծ բակին ճիշդ կեդրոնը։ Դագաղի կողքը զետեղուեցաւ նաեւ Հայաստանի եռագոյնի գոյներով պատրաստուած ծաղկեպսակ մը, որ եւս վերաբերուեցաւ ֆրանսացի զինուորներու կողմէ։ Բոլոր ներկաները պահեցին յարգանքի լռութիւն, մինչ Ազնաւուրի ի յիշատակ հնչեցին հայկական տուտուկի աւանդական մեղեդիները։

Վարչապետ Փաշինեան եւ նախագահ Մաքրոն արարողութեան ընթացքին արտասանեցին կուռ դամբանականներ։ Երկուքն ալ արտայայտուեցան յուզումնախառն շեշտով։ Փաշինեան դամբանախօսութիւնը աւարտելէ վերջ խոնարհեցաւ դագաղին առջեւ։ Էմմանիւէլ Մաքրոն դամբանախօսութեան մէջ շեշտը դրաւ ֆրանսերէն լեզուին վրայ, որով Շարլ Ազնաւուր դարձած էր աշխարհահռչակ եւ իւրացուած Ֆրանսայի կողմէ։ Մաքրոն յայտնեց, որ Ազնաւուրի կեանքին մէջ հաւատարմութիւնը շատ կարեւոր հանգամանք մըն էր։ Այս ամբողջին մէջ ֆրանսացի ղեկավարը ընդգծեց Շարլ Ազնաւուրի դրսեւորած հաւատարմութիւնը Հայաստանի նկատմամբ։ Դամբանախօսութեան աւարտին ֆրանսացի ղեկավարը խորհրդանշական արտայայտութիւնով մը բանաձեւեց Շարլ Ազնաւուրի յաւերժութիւնը. «Ֆրանսայի մէջ բանաստեղծները չեն մեռնիր»։

Մաքրոն եւս դամբանախօսելէ վերջ փութաց Ազնաւուրի դագաղին մօտ, ուր խոնարհեցաւ եւ իր կողմէ յարգանքի մատուցման ժամանակ վերստին նուագուեցաւ «Մարսէյյէզ»ը։

Սգահանդէսի աւարտին Հանրապետական պահակախումբի զինուորները նուագեցին Շարլ Ազնաւուրի նշանաւոր գործերէն «Ամէօնէ մուա» երգը։ Զինուրներու կատարումներու մթնոլորտին մէջ Ազնաւուրի դագաղը դարձեալ զինուորներու կողմէ ուսամբարձ դուրս բերուեցաւ մեծ բակէն։ Հարկ է նշել, որ ֆրանսական պետութիւնը ամենաբարձր մակարդակի արարողակարգով, մեծ պատիւով հրաժեշտ մը կազմակերպած էր Ազնաւուրին համար։ Բաւարար է նշել, որ «Էնվալիտ»ներու պալատի համալիրին մաս կը կազմէ Նափոլէոն Պոնափարթի շիրիմը։

Շարլ Ազնաւուրի յուղարկաւորութիւնը վաղը տեղի պիտի ունենայ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ առաջնորդանիստ մայր տաճարին մէջ։ Փարիզի հայոց Մայր տաճարի յուղակաւորութեան պիտի կարողանան մասնակցիլ միայն ընտանեկան պարագաները, պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարները եւ սահմանափակ թիւով անձնաւորութիւններ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 5, 2018