ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄ ՎԵՐԱԲԵՐՄՈՒՆՔ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան դիւանապետ Տ. Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեան յայտնեց, որ Իսրայէլի իշխանութիւնները պատրաստակամ են գործել եկեղեցապատկան կալուածներու վնաս չհասցնելիք ձեւով։ Ինչպէս ծանօթ է, Երուսաղէմի քրիստոնեաներու հոգեւոր կեդրոններուն պատկանող կալուածներու պարագային վերջերս օրակարգի վրայ եկած էին շարք մը մտահոգիչ կարգադրութիւններու հաւանականութիւններ։ Աւելի վերջ, այդ խնդիրը մտած է լուծման հունի մէջ։ Դիւանապետ հայր սուրբը այս կապակցութեամբ տեղեկացուցած է, որ Իսրայէլի իշխանութիւնները պատրաստակամ են գտնել եկեղեցապատկան կալւածները չվտանգելիք լուծումներ։ «Արմէնփրէս» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ Տ. Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեան յայտնած է, որ Իսրայէլի իշխանութիւններուն հետ տեղի ունեցած վերջին հանդիպումները կը վկայեն այս մասին։

Երուսաղէմի եկեղեցապատկան հողերու վերաբերեալ հարցերը քննարկելու համար ձեւաւորուած է յանձնախումբ մը։ Անցեալ ամիս տեղի ունեցած ժողովի ընթացքին ստեղծուեցաւ շատ բաց, անմիջական մթնոլորտ։ Ըստ դիւանապետին, Իսրայէլի Տարածքաշրջանային համագործակցութեան նախարարի մակարդակով դրական խոստումներ տրուած են յանձնաժողովի նիստին ժամանակ։ Խօսելով եկեղեցապատկան հողերու խնդրի լուծման շուրջ Հայ Եկեղեցւոյ նախընտրելի տարբերակին մասին՝ Տ. Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեան ըսաւ. «Համաձայն ենք, որ դարերով ընդունուած սովորութիւնը պահպանուի։ Այդ մէկն է վանքերէն եւ եկեղեցիներէն հարկերու չգանձուիլը»։

Հարցազրոյցին մէջ Տ. Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեան անդրադարձաւ նաեւ այն աշխատանքներուն, որոնք յառաջ կը տարուին՝ Հայաստանէն Սուրբ Երուսաղէմ մեկնող ուխտաւորներու պարագային մուտքի արտօնութեան դիւրութիւններ ապահովելու նպատակով։

«Արմէնփրէս»ին տուած հարցազրոյցին մէջ դիւանապետ հայր սուրբը նշած է, որ Իսրայէլի իշխանութիւններու նկատառման յանձնած են այն դժուարութիւնները, որոնց Հայաստանի ուխտաւորները կ՚ենթարկուին Երուսաղէմ այցելելու համար։ «Եթէ հայ ուխտաւորը, Հայաստանի քաղաքացին կ՚ուզէ ուխտագնացութեան երթալ Երուսաղէմ, ապա պէտք է ճամբորդէ Վրաստան, ստանայ իր վիզան, վերադառնայ Հայաստան եւ այդ բոլորէն վերջ մեկնի Իսրայէլ։ Այսինքն՝ հայ ուխտաւորի համար ծախսերը կրկնակի կը դառնան բաղդատմամբ միւս հաւատացեալներուն, որոնք Սուրբ Երկիր կ՚այցելեն։ Մենք այդ հարցը օրակարգի վրայ բերինք, խնդրեցինք, որ հայ ուխտաւորներու համար վիզայի պահանջը վերացուի ու վիզան տրուի սահմանի վրայ՝ ինչպէս որ կ՚ըլլայ Ռուսաստանի, Վրաստանի եւ Ուքրայնայի քաղաքացիներու պարագային», ըսաւ դիւանապետը։

Բաց աստի, Տ. Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեան նշած է, որ իշխանութիւնները դրականօրէն արձագանգած են այս պահանջին, ինք քաջատեղեակ է բոլոր հարցերէն։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 5, 2018