«ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՁԱԽ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆ» ԽՄԲԱՒՈՐՈՒՄԸ ՀԱՆԴԷՍ ԵԿԱՒ ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔԱՅԻՆ ՈՒՇԱԳՐԱՒ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՈՎ ՄԸ

Մինչ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռազմական գործողութիւնները կը շարունակուին, երէկ «Ատրպէյճանի ձախ երիտասարդութիւն» կոչուած խմբաւորում մը հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որ բաւական ուշագրաւ էր իր բովանդակութեամբ։ Թուրքիոյ «Էվրէնսէլ» թերթի կայքէջին վրայ տեղ գտաւ այդ յայտարարութեան թրքերէն թարգմանութիւնը։ «Ատրպէյճանի ձախ երիտասարդութիւն»ը ներկայ թէժ իրավիճակին մէջ համարձակած է արտայայտել բաւական հաւասարակշռուած, շինիչ այլընտրանքային տեսակէտներ, որոնք լուրջ հիմունքներով կու գան հարցաքննել այն մտայնութիւնը, որ ներկայիս պատճառ դարձած է Արցախի մէջ նոր ռազմական գործողութիւններու բռնկելուն։ «Մեր թշնամին հայերը չեն, այլեւ անոնք են, որոնք մեզ կը կեղեքեն», նշուած է յայտարարութեան մէջ, ուր լուրջ քննադատութիւններ կը հասցէագրուի Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ղեկավարութեան։ «Մեր թշնամին է իշխանութիւնը, որ կը կեղեքէ երկիրն ու մարդիկ», ընդգծուած է այս յայտարարութեան մէջ։ «Ատրպէյճանի ձախ երիտասարդութիւն» խմբաւորման յայտարարութիւնը հրապարակուած է սեպտեմբերի 30-ին՝ լայնածաւալ պատերազմի սկսելէն երեք օր անց, Left East կայքէջին վրայ։ 17 ստորագրութիւններով հրապարակուած այս յայտարարութեան թրքերէն թարգմանութիւնը ամբողջութեամբ պիտի ներկայացնենք վաղուան թիւով:

Անշուշտ, կարելի չէ յստակ գիտնալ, թէ «Ատրպէյճանի ձախ երիտասարդութիւն» կոչուած այս խմբաւորումը ինչպիսի ազդեցութիւն մը ունի այդ երկրի ներքին քաղաքական դաշտին մէջ, յամենայնդէպս, անկախ այդ հանգամանքներէն՝ անանտեսելի է պատերազմական իրավիճակի մէջ հնչեցուած շինիչ, հաւասարակշռուած կոչը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2020