ԵՆՍ ՍԹՈԼԹԵՆՊԵՐԿ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ

ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ ներկայ շաբթուան սկիզբին իրերայաջորդ կ՚այցելէ Թուրքիա եւ Յունաստան։ Այսօր Սթոլթենպերկ շփումներ կ՚ունենայ Անգարայի մէջ, իսկ վաղը Աթէնքի մէջ կը հիւրընկալուի Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի, Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասի եւ Պաշտպանութեան նախարար Նիքոս Փանակիոթոփուլոսի կողմէ։ Այսօր, Անգարայի մէջ ընդհանուր քարտուղարը Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ կը ծաւալէ քննարկումներ։

Ինչպէս ծանօթ է, արեւելեան Միջերկրականի տագնապով միջոցէ մը ի վեր լարուած են Թուրքիա-Յունաստան յարաբերութիւնները։ Առաջին իսկ օրէն դաշինքը ձեռնամուխ եղած է այդ լարուածութեան յաղթահարման նպաստելու համար։ Սթոլթենպերկի այցելութենէն անմիջապէս առաջ ՆԱԹՕ-ի աղբիւրները հաղորդած էին, որ Անգարայի եւ Աթէնքի միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է արեւելեան Միջերկրականի կապակցութեամբ տարանջատման եզրերու շուրջ։

Թէեւ պաշտօնական աղբիւրները որեւէ հաղորդում չեն կատարած, սակայն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վերսկսած պատերազմի մթնոլորտին մէջ միջազգային բեմահարթակի օրակարգին վրայ կու գան զանազան հարցեր, որոնք կ՚առընչուին ՆԱԹՕ-ին ու Թուրքիային։

ՖԻԼԻՓ ՌԻՔԵՐԻ ԱՅՑԸ

Միւս կողմէ, ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ բաժանմունքի ղեկավար Ֆիլիփ Ռիքեր այս օրերուն այցելեց Անգարա։ Ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտը մայրաքաղաքի մէջ հիւրընկալուեցաւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի, Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերին՝ Իպրահիմ Քալընի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու կողմէ։ Ռիքեր յայտնեց, որ Ուաշինկթըն կը փափաքի թրքական կողմին հետ քննարկել Լեռնային Ղարաբաղի հարցի ընթացքը։ Ան յոյս յայտնեց, որ կարելի կ՚ըլլայ լարուածութիւնը նուազեցնել։

Հարկ է նշել, որ քանի մը օր առաջ ալ Իպրահիմ Քալըն այս հարցին շուրջ հեռախօսազրոյց մը ունեցած էր ԱՄՆ-ի նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերու գծով խորհրդական Ռապըրթ Օպրայանի հետ։ Միւս կողմէ, Իպրահիմ Քալըն երէկ մամուլին յայտարարեց, որ եթէ շարունակական պայմաններ ապահովուին, ապա ոեւէ մէկը դէմ չ՚ըլլար Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հրադադարի հաստատման։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2020