ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՍՊԱՍՈՒՄ

Արցախի ճակատին վրայ մարտերը կը շարունակուին՝ կորուստներով, արիւնալի իրադարձութիւններով եւ մտահոգիչ թափով։ Լարուածութիւնը եւ սպասումը կը տիրապետեն առկայ մթնոլորտին, մինչ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները այս առաւօտ հաղորդեցին, որ Արցախի ճակատին վրայ մարտերը կը շարունակուին տարբեր խտութեամբ։ Հայկական լրահոսին վրայ այս առաւօտ արձագանգ գտաւ նաեւ ուրիշ մտահոգիչ լուր մը, ըստ որու Ատրպէյճան յարձակողական նոր գործողութիւններու ձեռնարկած է եւ իր զօրքերը սկսած են վերստին ռմբակոծել Ստեփանակերտը։ Ըստ վերջին լուրերուն, Ստեփանակերտի առընթեր Ատրպէյճանի զօրքերը կը ռմբակոծեն նաեւ Շուշին եւ ռազմաճակատի բոլոր ուղղութիւններով անցած են յարձակման։ Այս առաւօտեան գործողութիւնները առաւել չափով կեդրոնացած էին ճակատի հարաւային ուղղութեան վրայ։

Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկաւ պաշտօնական յայտարարութիւնով մը։ Այս առթիւ նշուեցաւ, որ Ատրպէյճան ապատեղեկատուութեան արշաւի մը ձեռնարկած է՝ կոծկելու համար խաղաղ բնակավայրերու վրայ կատարած զանգուածային խտացեալ ռմբակոծումները։ Երեւան ուշադրութիւն հրաւիրեց, որ ստայօդ լուրերու տարածումներով Ատրպէյճան գետին կը նախապատրաստէ իր յարձակողական քաղաքականութիւնը շարունակելու եւ հակամարտութեան աշխարհագրութիւնը ընդլայնելու նպատակով։ 

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս մինչ թէժ իրավիճակը կը մնայ առկայ, շաբաթավերջին, կողմերը թէեւ շարունակեցին իրենց արմատական հռետորաբանութեան հաւատարիմ մնալ, սակայն երանգներուն մէջ նկատելի էին որոշ փոփոխութիւններ։ Արդարեւ, հակամարտ կողմերը շաբաթավերջին յարաբերաբար աւելի շատ անդրադարձան հրադադարի մը հաւանական հաստատման, սակայն այս պահու դրութեամբ ոչինչ կարելի է ըսել վերջնական։

Թէ՛ հայկական եւ թէ ատրպէյճանական աղբիւրները շաբաթավերջի իրադարձութիւններուն մասին շարունակեցին հրապարակել բաւական հակասական, հակադիր տեղեկութիւններ։ Պաքու տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանի զօրքերը ազատագրած են Մատաղիսը եւ Ճեպրայիլը, մինչ հայկական կողմը անմիջապէս հերքեց այդ բոլորը։ Արցախի մայրաքաղաքը՝ Ստեփանակերտ եւ Շուշի թիրախը դարձան Ատրպէյճանի զօրքերու ռմբակոծումներուն, որոնց հետեւանքով ծագեցան հրդեհներ, յառաջացան լուրջ աւերուածութիւններ, դժբախտաբար եղան նաեւ զոհեր։ Ըստ զանազան աղբիւրներու, շաբաթավերջին Ստեփանակերտի վրայ անընդհատ երեք ժամ ռումբ տեղացուած է։ Յամենայնդէպս, այս առաւօտեան հաղորդումներով ալ Ստեփանակերտ կը շարունակէ ռմբակոծութիւններու ենթարկուիլ։ Հայկական եւ ատրպէյճանական աղբիւրներու հաղորդումներու միջեւ խորացած հակասութիւնները արդէն ակամայ կը ստեղծեն այն տպաւորութիւնը, որ մարտերու ընթացքը յարափոփոխ ձեւի մէջ կը մնայ միշտ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ պաշտօնական յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ անհանգստութիւն յայտնելով Ատրպէյճանի կողմէ հրապարակուած ապատեղեկատուութիւններուն շուրջ։ Շաբաթավերջի կարեւոր իրադարձութիւններէն մին ալ այն էր, որ Արցախի պաշտպանութեան բանակը թիրախաւորեց Գանձակի (Կենճէ) ռազմաօդային խարիսխը, ուրկէ Ատրպէյճանի ռազմաօդանաւերը թռիչք առնելով կը մասնակցէին գործողութիւններու։ Ատրպէյճանի աղբիւրները, ըստ էութեան, Գանձակի օդակայանի ռմբակոծման վերաբերեալ ոչինչ հաղորդեցին։ Անոնք տեղեկացուցին, որ հայկական զօրքերը թիրախաւորած են Գանձակի շրջանի խաղաղ բնակչութիւնը։ Պաքու նոյնիսկ պնդեց, որ Գանձակի վրայ կրակ բացուած է ո՛չ թէ Արցախէն, այլեւ՝ ուղղակիօրէն Հայաստանի տարածքէն։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը անմիջապէս արձագանգեց այս իրադարձութեան։ Նախարար Դաւիթ Տօնոյեան յայտարարեց, որ Հայաստանի տարածքէն Ատրպէյճանի դէմ որեւէ յարձակում չէ կատարուած։ Գանձակի ռազմաօդային կայանի թիրախաւորումէն վերջ Արցախի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեանն ալ յայտնեց, որ յանձնարարած է կրակը դադրեցնել, սակայն եթէ այդ քայլը ըստ պատշաճի չգնահատուի, ապա մարտերը պիտի շարունակուին։ Դժբախտաբար, արդէն բոլոր տեղեկութիւնները եկան ապացուցանել, որ թէժ մարտերը կը շարունակեն ընթացքի մէջ մնալ։

Գանձակի ռազմաօդային խարիսխի «յօդս ցնդիլը» ռազմական գործողութիւններու ընթացքին վրայ թողած է որոշ ազդեցութիւն։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան յայտնեց, որ երէկ Ատրպէյճանի կորուստները յարաբերաբար աւելի մեծ եղած են, որովհետեւ թրքական ռազմաօդային ուժերը եւ անօդաչու թռչող սարքերը չեն մասնակցած օրուայ մարտերուն։ Ռուսական «Ինթերֆաքս» գործակալութիւնն ալ շաբաթավերջին հաղորդեց, որ Ատրպէյճան միեւնոյն ժամանակ Հայաստանի սահմանի երկայնքով զօրքի լուրջ կուտակումներ կը կատարէ։ Այս իրավիճակին մէջ, Արծրուն Յովհաննիսեան տեղեկացուց, որ երէկ երեկոյեան ժամը 21.00-ի դրութեամբ ինչ կորուստներ խնդրոյ առարկայ են հակամարտ կողմերու պարագային։ Այսպէս, հայկական կողմը ունի 209 զոհ, 200 վիրաւոր։ Խաղաղ բնակիչներու շարքին ալ եղած է 17 զոհ։ Իսկ Ատրպէյճանի բանակը այս վերջին պատերազմական գործողութիւններու ժամանակ ցայսօր կորսնցուցած է՝ 17 ռազմաօդանաւ, 14 ուղղաթիռ, 124 անօդաչու թռչող սարք, 368 հրասայլ եւ զրահապատ այլ ինքնաշարժներ, 82 զինուորական փոխադրամիջոց, 4 զրահապատ զինուորական շինարարութեան ինքնաշարժ, 10 զրահափոխադրիչ, 4 «Սմերչ», 1 «ԹՈՍ» եւ 1 «Ուրական» համազարկային կայանքներ։ Ըստ նոյն աղբիւրներուն, Ատրպէյճան ցարդ 3 հազար 154 զոհ տուած է, իսկ վիրաւորեալ զինուորներուն թիւը 5 հազար 270 է։ Այս ծանր համայնապատկերին վրայ շաբաթավերջին տեղ գտան նաեւ հակամարտ կողմերու հերթական դիւանագիտական նախաձեռնութիւնները։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ։ Արցախի ճակատէն ներս պատերազմական գործողութիւններու վերսկսելէն ի վեր սա Փաշինեանի եւ Մերքելի արդէն երկրորդ հեռախօսազրոյցն էր, որու ընթացքին անոնք աչքէ անցուցին ռազմական գործողութիւններու ընթացքը, Թրքական զինեան ուժերու մասնակցութիւնը եւ Ատրպէյճանի զօրքերու շարքերէն ներս կռուող վարձկաններու մասին վերջին բացայայտումները։ Գերմանական կողմը յոյժ կարեւոր համարեց կրակի դադրեցումը եւ խաղաղ գործընթացի վերսկսումը։

Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին հանդէս եկաւ նաեւ ժողովուրդին ուղղեալ ելոյթով մը։ Ան ըսաւ, որ այս իրավիճակին մէջ հայկական կողմի միակ նպատակը յաղթանակն է։ Բաց աստի, Փաշինեան հարցազրոյց մը տուաւ «FRANCE-24» հեռուստակայանին։ Ան այս առթիւ յիշեցուց, որ Ատրպէյճան երկար տարիներէ ի վեր յառաջ կը տանէր հակահայկական ատելութեան քարոզարշաւ մը։

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան առկայ վիճակին մէջ երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Սպիտակ Ռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հետ։ Իսկ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ երեկոյեան ժամերուն կարեւոր հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Մնացականեան օրուան տեւողութեան խօսած էր Եւրոմիութեան Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելի հետ։ Հարկ է նշել, որ այս վերջինը օրուան տեւողութեան կապ հաստատած էր նաեւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւներու հաղորդումներով, Մնացականեան եւ Լաւրով երէկուան հեռախօսազրոյցի ընթացքին ընդգծեցին պատերազմական գործողութիւններու դադրեցման կարեւորութիւնը։ Մնացականեան մատնանշեց Ատրպէյճանի լայնածաւալ յարձակումը, խաղաղ բնակչութեան եւ ենթակառուցուածքներու դիտաւորեալ թիրախաւորումը։ Ան կրկին անհանգստութիւն յայտնեց Թուրքիոյ ներգրաւուածութեան կապակցութեամբ։ Մնացականեան ընդգծեց նաեւ արտատարածքաշրջանային ուժերու անյապաղ դուրս բերուիլը հակամարտութեան գօտիէն։ Մոսկուայի աղբիւրներն ալ հրապարակումներ ըրին այս հեռախօսազրոյցին կապակցութեամբ։ Այսպէս, Ռուսաստան անյապաղ հրադադար հաստատելու կոչը կրկնած է։ Ռուսական կողմը կը ձգտի կողմերուն աջակցիլ՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի հովանաւորութեան ներքեւ դիւանագիտական ճանապարհով հարցին լուծում մը գտնելու ուղղութեամբ։ Լաւրով մտահոգութիւն յայտնեց խաղաղ բնակչութեան դէմ աւելցող յարձակումներու եւ անոնց շարքերէն զոհերու թիւի բարձրացման կապակցութեամբ։ Կողմերը ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու հնարաւորութիւնը պահեցին իրենց ուշադրութեան կեդրոնին։

Պաքուի աղբիւրներն ալ հաղորդեցին, որ Ճէյհուն Պայրամով շաբաթավերջին առանձին հեռախօսազրոյցներ ունեցած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն՝ Իկոր Փոփովի (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթիի (Ֆրանսա) եւ Էնտրու Շեֆըրի (ԱՄՆ) հետ։

Տարածքաշրջանի երկիրները միշտ կը շարունակեն մտահոգութեամբ հետեւիլ Արցախի այս նոր պատերազմին։ Շաբաթավերջին այս իրադարձութիւնները օրակարգի վրայ եկան Վրաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ժողովի ընթացքին։ Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի յայտարարեց, որ իր երկիրը պատրաստակամ է կազմակերպել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններ՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի հովանաւորութեան ներքեւ։

Իր կարգին, Քրեմլինի բանբեր Տիմիթրի Փեսքովն ալ հարցումի մը պատասխանելով անդրադարձաւ Արցախի մէջ խաղաղապահներու տեղակայման հարցին։ Ըստ Փեսքովի, Ռուսաստան կրնայ խաղաղապահներ ուղարկել հակամարտութեան գօտի՝ միայն եթէ ըլլայ հակամարտ կողմերու հաւանութիւնը։

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ շաբաթավերջին տուած հարցազրոյցներուն մէջ յայտարարեց, որ իր երկիրը ժամանակ չունի եւ եւս 30 տարի չի կրնար սպասել իր տարածքները վերադարձնելու համար։ Ալիեւ յայտնեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահները չէզոքութիւն պէտք է պահեն ստեղծուած իրավիճակին մէջ։ Ըստ իրեն, Ռուսաստան աւելի մեծ դերակատարութիւն ունի հակամարտութեան կարգաւորման միջնորդական ջանքերուն մէջ՝ քան միւս միջնորդ երկիրները։ «Պատերազմ փափաքող կողմը մենք չենք», ըսաւ Իլհամ Ալիեւ, որ Ատրպէյճանի հեռուստակայաններով հանդէս եկաւ նաեւ ժողովուրդին ուղղեալ ելոյթով մը։ Ալիեւ այս ելոյթին մէջ ալ իր խիստ ոճը տեւականացուց, յամենայնդէպս, ուշագրաւ էր, որ ան խօսեցաւ նաեւ հաւանական հրադադարի մը հաստատման պայմաններուն շուրջ։ Ալիեւի կողմէ նշուած պայմանները թէեւ բաւական արմատական էին, սակայն, հաշուի առնելով իր վաղեմի առաւելապաշտական մօտեցումները՝ այս փուլին հրադադարի մը անդրադառնալը համարուեցաւ յատկանշական։

ՑՈՅՑԵՐ

Միւս կողմէ, հայկական սփիւռքի ներկայացուցիչները Արցախի պատերազմին կապակցութեամբ շաբաթավերջին իրականացուցին ցոյցեր աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ։ Այս ամբողջին մէջ կ՚առանձնանան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի մէջ կազմակերպուած ցոյցերը, որովհետեւ այդ երկիրները միեւնոյն ժամանակ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու շարքին կը գտնուին։ Ըստ հայկական աղբիւրներու հաղորդումներուն, երէկ Փարիզի հայաշատ արուարձաններէն Ալֆորվիլի մէջ տեղի ունեցաւ հանրահաւաք մը՝ ի համերաշխութիւն Հայաստանի եւ Արցախի։ Այս հանրահաւաքը շաբաթավերջի նմաններու շարքին առանձնացաւ։ Արդարեւ, անոր մասնակցեցաւ Ֆրանսայի նախկին նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ։ «Այն ինչ, որ տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի մէջ, միայն Հայաստանին չի վերաբերիր։ Սա կը վերաբերի ամբողջ աշխարհին։ Մենք կը գտնուինք իսկական պատերազմի մը առջեւ, զոր սկսաւ Ատրպէյճան Թուրքիոյ ռազմական օգնութեամբ», ըսաւ Ֆրանսուա Օլանտ հանրահաւաքի ընթացքին։ Բաց աստի, Օլանտ ստեղծուած խնդիրը մեկնաբանեց նաեւ Թուրքիա-ՆԱԹՕ յարաբերութիւններու տեսանկիւնէն։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2020