ՊԷՅՐՈՒԹԷՆ ՆՈՐ ԱՇԽԱՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Ուրախութեամբ մեր ընթերցողներուն կը տեղեկացնենք, որ յառաջիկայ շրջանին ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին պիտի աշխատակցի լիբանանահայութեան նոր սերունդէն՝ խոստնմնալից մտաւորական Յարութ Կիւլիւզեան։ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնէն ներս բարձրագոյն ուսումը կատարելագործած Յարութ Կիւլիւզեան ունի նաեւ լիբանանահայ մամուլին՝ մանաւանդ «Զարթօնք» օրաթերթի աշխատակցութեան փորձառութիւնը։ Թերթիս համար իր արտադրութիւնը առաւել չափով պիտի ծաւալի գրական առանցքի շուրջ՝ մինչ ակնյայտ է, որ գրականութիւնը անգնահատելի պատուհան մըն է թէ՛ հայութեան եւ թէ ընդհանրապէս աշխարհի երթը ընկալելու, դիտարկելու տեսակէտէ։ Աւելի՛ն, սա այնպիսի ժամանակաշրջան մըն է, որ հայաշխարհի ուշադրութիւնը կեդրոնացած է լիբանանահայութեան վրայ եւ Պէյրութի մէջ հասած նոր սերունդի խօսքը լաւ հնարաւորութիւն մը կը համարուի՝ հայութեան երթը պատկերացնելու առումով։

Ուստի, կ՚ողջունենք Յարութ Կիւլիւզեանի աշխատակցութիւնը՝ այն վստահութիւնով, թէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընթերցողներու դատին յանձնուելիք իր արտադրութիւնը յաջողութեամբ պիտի անցնի այդ քննութենէն։

*

Այսօր հայ ժամանակակից գրողը շարունակ քանի մը խնդիրներու կը բախի: Ի՜նչ խօսք, այս խնդիրները նոր չեն, միշտ գոյութիւն ունէին եւ ճիշդ անոնք են, որ կարելի է ըսել՝ հիմք հանդիսացան այս զրոյցներու եւ համապատասխան հարցաթերթիկին: Այդ խնդիրներէն հոս պիտի առանձնացնեմ երկուքը։ Առաջինը՝ դասականապաշտութեան կամ դասականամոլութեան ախտն է, որ այնքա՜ն վարակիչ է, բայց «բուժում» ունի։ Երկրորդը՝ որ ամենակարեւորն է, գրողի մը ամպիոն չունենալն ու ինքնարտայայտուելու հնարաւորութենէն զրկուած ըլլալն է:

Սկսինք առաջինէն:

«Դասականամոլութիւն» ախտը երբեք նոր չէ մեր իրականութեան մէջ, միշտ գոյութիւն ունեցած է եւ ունի՛ հիմա ալ: Սակայն, ամէն բանէ առաջ ի՞նչ կը նշանակէ դասականամոլութիւն, դասականացած գրողներու հանդէպ պաշտամունքի հասնող սէր, մոլութիւն եւ այլն:

Իրողութիւնը այն է, որ սփիւռքի մէջ դասականամոլները աւելի ստուար թիւ մը կը կազմեն։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ դպրոցներու մէջ հայ գրականութիւնը ընդհանրապէս սկիզբ կ՚առնէ Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի» դիւցազնավէպով ու կ՚աւարտի Պարոյր Սեւակ-Յովհաննէս Շիրազ-Սիլվա Կապուտիկեան եւ Համաստեղ-Անդ-րանիկ Ծառուկեան-Մուշեղ Իշխան շարքով: Սփիւռքահայ աշակերտին համար այս անունները անառարկելի մեծութիւններ են, -եւ ե՛ն անշուշտ- որոնցմէ անդին, իր կարծիքով, ամէն ինչ «ունայնութիւն ունայնութեանց» է: Ցաւօք, ան տեղեակ չէ, թէ 70-ականներէն ետք մեր գրականութիւնը ի՛նչ փուլերէ անցաւ, ի՛նչ նոր անուններ մուտք գործեցին գրական դաշտ եւ ի՛նչ գործեր գրեցին անոնք:

Բարեբախտաբար, պատկերը ա՛յսքան տխուր չէ Հայաստանի մէջ, ուր դասատուները (ի հարկէ ո՛չ բոլորը) անպայման կ՚անդրադառնան հայ ժամանակակից գրականութեան՝ սա կամ նա ձեւով, ինչ որ մեծապէս ողջունելի է։ Այսինքն՝ հոն աշակերտը գիտէ, որ Յովհաննէս Շիրազէն եւ Սիլվա Կապուտիկեանէն ետք կանգ չառաւ մեր գրականութիւնը, այլ նոր երանգ ստացաւ ու շարունակուեցաւ: Այս առումով որոշ յառաջընթաց նկատելի է հոն: Ասոր ամենամեծ ապացոյցներէն մէկն ալ վերջերս հանրային քննարկումի ներկայացուած եւ թեր ու դէմ կարծիքներու տեղիք տուած «Գրականութիւն» դասանիւթի նոր չափորոշիչներն են, ուր նկատի առնուած են ժամանակակից դէմքեր ու գործեր: Սա չի նշանակեր, որ նախագիծը անթերի է. ո՛չ, շատ հեռու է այդպիսին ըլլալէ եւ չափազանցութիւն չ՚ըլլար՝ եթէ ըսեմ, որ պէտք է յականէ-յանուանէ վերանայուի հեղինակերու եւ ընտրուած գործերու ցանկը: Կարեւորը հոս նպատակն է, յառաջընթացը, մէկ խօսքով՝ այն անցումը, որ նոյնպէս ողջունելի է: Այս իմաստով սփիւռքը տեղքայլի մէջ է:

Ինչո՞ւ այս նախաբանը:

Որովհետեւ դասականամոլութեան պատճառով այսօր սփիւռքի մէջ նոր տաղանդները եւ նոյնիսկ վաստակ ունեցողները ըստ արժանւոյն չեն գնահատուիր: Սա ճշմարտութիւն է: Լա՛ւ, այստեղ թերեւս տրամաբանական հարցում մը յառաջանայ. եթէ սփիւռքի մէջ հիմնական խնդիրներէն մէկը դասականամոլութիւն ախտն է, ուրեմն Հայաստանի մէջ, ուր շատ աւելի նուազ է ան, գրողը ինչո՞ւ կը շարունակէ վտարանդիի, մերժուածի ու լքուածի նոյն «խաչ»ը կրել իր ուսերուն: Պատասխանը վերը ակնարկուած երկրորդ խնդիրն է՝ ամպիոն չունենալն ու ինքնարտայայտուելու հնարաւորութենէն զրկուած ըլլալը։ Այս հարցին կը բախի ո՛չ միայն հայրենի, այլ նաեւ՝ սփիւռքահայ գրողը. վերջինս՝ աւելի՛ անշուշտ:

Բացատրեմ:

Գրողի մը համար աւելի քան կարեւոր է ամպիոն ունենալը: Եթէ ամպիոն չունի, ինչպէ՞ս պիտի կարենայ իր ձայնը մարդոց հասցնել կամ անոնց ձայնը ըլլալ, ինչպէ՞ս պիտի ինքնարտայայտուի կամ կարծիք յայտնէ՝ գրական թէ ազգային խնդիրներու շուրջ, ինչպէ՞ս պիտի քննադատէ քննադատելին, ինչպէ՞ս պիտի բանավիճի կամ ընդդիմախօսէ, ինչպէ՞ս պիտի պարզէ իր դիրքորոշումը այս կամ այն երեւոյթին հանդէպ. հարցումնե՜ր ու հարցումնե՜ր: Սակայն ո՞վ իրեն պիտի տայ ամպիոնը։ Մամո՛ւլը, որովհետեւ վերջինս ի զօրու է ուղղորդելու ժողովուրդը։ Թէ ինչպէ՞ս. տաղանդաւորը զատորոշելով անտաղանդէն, որակաւորը՝ անորակէն, արժէքաւորը՝ անարժէքէն: Ա՛յս ալ մաս կը կազմէ թերթի մը առաքելութեան. ոչ միայն լաւը որպէս լաւ ներկայացնել, այլ նաեւ՝ «բեմահարթակ» հրաւիրել զայն ու «բարձրախօսը» մօտեցնել անոր: Ճիշդ մօտեցումը ա՛յս է, սակայն իրականութիւնը՝ բոլորովին տարբեր: Պատկերացուցէ՛ք, Գրիգոր Պըլտեանի կամ Հենրիկ Էդոյեանի նման մեծատաղանդ գրողներ, որոնց գիրն ու բանը վստահօրէն պատիւ կը բերէ որեւէ թերթի, սակայն, եկէ՛ք-տեսէ՛ք, որ շատ քիչ թերթեր, այն ալ առիթէ-առիթ միայն, կը հետաքրքրուին անոնցմով, առաւելագոյնը հարցազրոյց մը կ՚ընեն եւ կը գոհանան անով։ Սակայն, սա ոչ մէկ նշանակութիւն կ՚ունենայ հետեւողական չըլլալնուն պատճառով: Նոյնը կը վերաբերի միւս տաղանդաւոր գրողներուն ալ:

Ուրեմն սխալ է ժողովուրդը ընտրել որպէս «քաւութեան նոխազ»՝ ըսելով, թէ ան գիրք չի կարդար, անտարբեր է հայ գիր ու գրականութեան հանդէպ կամ չի գիտեր գնահատել իր գրողները եւ այլն, եւ այլն, երբ թերթերը իրե՛նք կը թերանան իրենց առաքելութեան մէջ:

Լուծո՞ւմ. հասարակութիւնը դիւրահաւատ է, այնպէս չէ՞, ինչ որ լսէ-տեսնէ-կարդայ՝ կ՚ընդունի որպէս բացարձակ ճշմարտութիւն։ Այլ խօսքով՝ ինչ «կերակուր» որ դրուի իր առջեւ, լաւ ըլլայ թէ վատ, անմիջապէս «կ՚ուտէ»՝ առանց այլեւայլի: Եթէ այդպէս է, ինչո՞ւ «լաւ»ը չհրամցնել միշտ անոր: Թող միայն ա՛յդ «ուտէ»:

Ահաւասիկ այս մտահոգութիւններով է, որ ճամբայ ելայ ու պատրաստեցի այս շարքը, որովհետեւ կարելի չէ միշտ դասականներով զբաղիլ, անոնց գործերով սնանիլ ու անոնցմով պարծենալ, երբ անդին այսօր կ՚ապրին ու կը ստեղծագործեն բազմաթիւ տաղանդաւոր գրողներ՝ իսկապէս արժէքաւոր եւ գուրգուրանքի արժանի:

ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2020