ՀԱՅ ԲԺԻՇԿԸ ՆՈՊԵԼԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿ ՆՈՒԱՃԵՑ

Նոպելեան կոմիտէն 2021 թուականի բժշկական մրցանակը շնորհեց երկու գիտնականներու, որոնցմէ մին հայ է։ Այսպէս, Նոպելեան բժշկական մրցանակի դափնեկիր դարձան Արտեմ Փաթափութեան եւ Տէյվիտ Ճիւլիուս, որոնք ուսումնասիրած են, թէ ինչպէս կենդանի օրկանիզմները կը զգան ջերմութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ, անոնք յայտնաբերած են մոլեքիւլներ, որոնք կ՚արձակեն կենսաքիմիական հակազդեցութիւններ, որոնք կը յանգեցնեն տաքութեան, ցուրտի կամ հպումներու զգացման։

Արտեմ Փաթափութեան 1967-ին ծնած է Պէյրութի մէջ, ուրկէ տեղափոխուած է Լոս Անճելըս։ Ատենախօսութիւնը պաշտպանած է Փասատենայի փորձագիտական կաճառէն ներս, Գալիֆորնիա։ Այժմ գիտական գործունէութիւնը կը շարունակէ տեղւոյն Լա Հոյայի «Scripps Research» ամերիկեան ոչ-առեւտրային բժշկագիտական կաճառէն ներս։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Արտեմ Փաթափութեանին շնորհաւորական մը ուղարկեց՝ Նոպելեան մրցանակ նուաճած ըլլալու բերումով։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2021