ՇՓՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ

Արցախի երկրորդ պատերազմին յաջորդած մթնոլորտին մէջ, Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ հաւանական տեղաշարժի մը վերաբերեալ յայտարարութիւնները թէեւ իրարու կը յաջորդեն, սակայն, միեւնոյն ժամանակ, այս բոլորը կը շարունակէ զուգորդուիլ անորոշութեամբ։ Վերջին շրջանին օրակարգի վրայ է նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ հանդիպման մը հաւանականութիւնը։ Թէեւ պաշտօնատար անձեր զանազան առիթներով հերքումներով հանդէս եկան, բայց եւ այնպէս, հանրային կարծիքին մօտ այս նիւթին վերաբերեալ հետաքրքրութիւնը կը շարունակուի։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, վերջին օրերուն այսպիսի հարցում մը Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի ալ նկատառման յանձնուեցաւ։ Չեխիոյ Արտաքին գործոց նախարար Եագուպ Քուլհանեկի հետ Երեւանի մէջ սարքած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ժամանակ ան խուսափեցաւ պատասխանել՝ Էրտողան-Փաշինեան հաւանական հանդիպման վերաբերեալ հարցումի մը։ «Հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ որեւէ յառաջընթացի պարագային հանրութիւնը պիտի տեղեկանայ», ըսելով բաւարարուեցաւ Արարատ Միրզոյեան։

Մինչ այդ, նախագահ Էրտողան կը պատրաստուի հերթական այցելութիւնը տալ Ատրպէյճան։ Ազգային մեծ ժողովի նոր նստաշրջանի բացման նիստին ունեցած ելոյթին ժամանակ ան արդէն տեղեկացուց, որ յառաջիկայ շաբաթներուն վերստին պիտի այցելէ Ատրպէյճան։ Երեսփոխաններուն ուղղեալ ելոյթին մէջ ան ըսած էր հետեւեալը.

«Անցեալ տարի, երբ նոր օրէնսդրական շրջանի բացումին մէկտեղուած էինք, այստեղ մեր զօրակցութիւնն ու աղօթքը արտայայտած էինք Ատրպէյճանի մեր եղբայրներուն համար, որոնք կը պատերազմէին Ղարաբաղն ու իրենց բռնագրաւեալ տարածքները ազատելու համար։ Փառք Աստուծոյ, 44-օրեայ դժուար պայքարը Ատրպէյճանի յաղթանակով աւարտեցաւ։ Այսպէսով վերստին ազատուեցան Ատրպէյճանի տարածքներն ու Ղարաբաղը՝ շուրջ 30 տարուայ բռնագրաւումէ վերջ։ Մենք ալ անձամբ Պաքու եւ Շուշի այցելելով բաժնեցինք Ատրպէյճանի մեր եղբայրներուն ուրախութիւնը։ Առաջ Աստուած, յառաջիկայ շաբաթներուն դարձեալ պիտի մէկտեղուինք անոնց հետ։ Ղարաբաղի պատերազմի ընթացքին եւ յաջորդող շրջանին ապրուածները օրինակելի էին ինչպէս Ատրպէյճանի մեր եղբայրներուն, այնպէս ալ մեզի համար։ Երբեք պիտի չմոռնանք այն քինախնդրութիւնն ու ատելութիւնը, որ ցուցաբերուեցաւ երկրի մը դէմ, որ կը պայքարէր իր բռնագրաւեալ տարածքները ազատելու համար եւ Թուրքիոյ դէմ։ Այս փորձառութենէն դաս քաղելով պիտի ուղղուինք դէպի ապագայ։ Մենք կ՚արժեւորենք եղբայրութիւնը, բարեկամութիւնը, զօրակցութիւնը, համագործակցութիւնը, ճակատագրակցութիւնը։ Մենք երկիր մըն ենք, որ ըստ այդմ կ՚առնէ իր իւրաքանչիւր քայլը»։

Իր կարգին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ վերջին օրերուն կրկնեց իր պատրաստակամութիւնը Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպման ուղղութեամբ։ Սպանական լրատուամիջոցի մը տուած հարցազրոյցին մէջ ան այս կապակցութեամբ ըսաւ. «Ես պատրաստ եմ հանդիպիլ եւ արդէն յայտնած եմ իմ դիրքորոշումը։ Եթէ հայկական կողմը պատրաստ է, ես՝ նոյնպէս։ Մենք ունեցած ենք մէկ հանդիպում, որ տեղի ունեցած է այս տարուայ սկիզբին, եռակողմանի ձեւաչափով՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրաւէրով։ Ես պատրաստ եմ բանակցիլ պր. Փաշինեանի հետ ամէն պահ, երբ ան պատրաստ ըլլայ։ Այսպէսով, ես բաց եմ քննարկումներու համար եւ կը կարծեմ, թէ սա լաւ ցուցանիշ մը կրնայ ըլլալ, որ պատերազմը աւարտած է եւ այս էջը շրջուած է»։

Բաց աստի, Իլհամ Ալիեւ իր երկրին կողմէ համաչափ պատասխան խոստացաւ՝ Հայաստանէն ականապատուած տարածքներու քարտէսները ստանալու փոխարէն։ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու Նիւ Եորքի մէջ վերջերս տեղի ունեցած տեսակցութեան լոյսին տակ Ալիեւ ըսաւ. «Դատելով մեր նախարարի տուած տեղեկութիւններէն՝ հանդիպումը խոստմնալից էր»։ Շաբաթավերջին որոշ չափով մեղմ ոճով արտայայտուելէ վերջ, երէկ, Ալիեւ դարձեալ հանդէս եկաւ սպառնալից յայտարարութիւններով. «Եթէ մեր դէմ որեւէ սադրանք ըլլայ, յայտարարութիւն կամ գործողութիւն, մենք կը ջարդենք ձեր գլուխը»։ Ան այս սպառնալիքը ըրաւ բոլոր անոնց դէմ, որոնք Հայաստանի մէջ վրէժխնդրութեան զգացումներով կ՚ապրին։ «Երկաթեայ բռունցքը այստեղ է, մեզի մի՛ ջղայնացնէք», աւելցուց ան։

Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լէյլա Ապտուլլաեւան ալ յայտնեց, որ Հայաստանէն հասած դրական ազդակները յոյս կը ներշնչեն սահմանազատման գործընթացի շինիչ զարգացման ուղղութեամբ։

Արձագանգելով Ալիեւին՝ Հայաստանի վարչապետն ալ յայտարարեց. «Պատրաստ եմ մեր ունեցած բոլոր քարտէսները ինձ հետ տանելու եւ Ատրպէյճանի նախագահին կոչ կ՚ուղղեմ, որպէսզի իր հետ բերէ մեր բոլոր գերիները»։ Փաշինեան յիշեցուց, որ Երեւան որդեգրած է տարածքաշրջանի համար խաղաղ զարգացման դարաշրջան մը բանալու քաղաքականութիւնը։ Ան եւս յայտնեց, որ պատրաստ է Ալիեւի հետ հանդիպելու։ Վարչապետէն առաջ այդ պատրաստակամութեան մասին յայտարարած էր նաեւ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան։ Բաց աստի, Փաշինեան դիտել տուաւ, որ Ալիեւի հետ հաւանական հանդիպման պարագային ժամկէտներու եւ վայրի սահմանափակում չկայ։

Դէպի Վիլնիուս պաշտօնական այցելութեան ընթացքին Փաշինեան յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի վերջնական կարգաւորումը պէտք է իրականացուի՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու աջակցութեան արժանացած սկզբունքներուն հիման վրայ։ Իր խօսքով՝ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման համար այնպիսի բեմագրութիւններ պէտք է որդեգրուին, որ խաղաղ գոյակցութեան պայմաններ ստեղծուին։

Տեղւոյն հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ ալ ան ըսաւ. «Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը, Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութիւնը՝ ներառեալ ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութիւնը, մեր առաջնահերթութիւններն են»։

Մոսկուայի աղբիւրները հաղորդեցին, որ մօտաւոր ապագային կը նախատեսուի Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։

Վերջին օրերուն Ազգային պաշտպանութեան փոխ-նախարար Մուհսին Տերէի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւն մը վերջին օրերուն այցելեց Նախիջեւան, ուր քննարկեց Թուրքիա-Ատրպէյճան ռազմական համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։ Գրեթէ նոյնաժամանակ, Թիֆլիզի մէջ ալ սկսան Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի բանակներու համատեղ զօրավարժութիւնները։ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովն ալ այս ռազմափորձերուն մասնակցելու համար մեկնած է Վրաստան, հիւրընկալուելով նաեւ երկրի վարչապետին՝ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի կողմէ։ Քննարկուեցան կողմերու ռազմավարական համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։ Կախեթի քաղաքին մէջ կազմակերպուած եռակողմանի հանդիպման ժամանակ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար տեսակցեցաւ իր վրացի եւ ատրպէյճանցի պաշտօնակիցներուն հետ։

Միջազգային յառաջատար դերակատարներու ուշադրութիւնն ալ այս շրջանին չի շեղիր Հարաւային Կովկասէն։ Պաքուի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լի Լիցենպերկեր յայտնեց, որ Ուաշինկթըն կը փորձէ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը բանակցային սեղանի շուրջ վերադարձնել։ Ըստ իրեն, ամերիկեան կողմը պատրաստ է աջակցիլ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ առկայ խնդիրներու կարգաւորման։

Անխուսափելիօրէն բանուկ բարձր մակարդակով երթեւեկ մը կայ նաեւ տարածքաշրջանի երկիրներուն միջեւ։ Այսպէս, Արարատ Միրզոյեան երէկ աշխատանքային այցելութիւնով մեկնեցաւ Թեհրան, ուր բանակցութիւններ վարեց Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի հետ։ «Իրան թոյլ չի տար, որ օտար երկիրները հարեւան երկիրներու հետ խզեն իր յարաբերութիւնները՝ ներառեալ Հայաստանի հետ», ըսաւ երէկ Ապտուլլահիան։ Միրզոյեանի Թեհրանի շփումներուն հետ նոյն օրը Նիկոլ Փաշինեանն ալ ընդգծեց, որ Հայաստան երբեք չէ ներքաշուած Իրանի դէմ դաւադրութեան։

Միրզոյեանը հիւրընկալելու ընդառաջ, Ապտուլլահիան յայտնած էր, որ իրանցի վարորդներու ձերբակալումը բացատրութիւն չունի եւ Ատրպէյճանի այդ վերաբերմունքը չի կրնար դրականօրէն մեկնաբանուիլ։ Ապտուլլահիան յայտնեց, որ իր երկրին համար անհանդուրժելի են տարածքաշրջանէ ներս աշխարհաքաղաքական եւ սահմաններու փոփոխութիւնները։

Նոյնպէս այս այցելութեան ընդառաջ, Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սէյիտ Խաթիպզատէն ալ Գորիս-Կապան մայրուղիի վրայ Ատրպէյճանի կողմէ ծնունդ տրուած խնդիրներուն անդրադառնալով ըսած էր, որ իրանցի վարորդներու դէմ առկայ վերաբերմունքը չի համապատասխաներ բարիդրացիական սկզբունքներուն։

Արարատ Միրզոյեանի հետ երէկուան տեսակցութենէն վերջ, Ամիր Ապտուլլահիան վաղն ալ Մոսկուայի մէջ ժամադրուած է Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։

Իրան-Ատրպէյճան առկայ լարուածութեան մթնոլորտին մէջ, երէկ արտայայտուեցաւ նաեւ Ալիեւ։ Ան շրջանցեց վարորդներու նիւթը, սակայն, անդրադարձաւ այն միւս խնդրին, որ Թեհրանի մօտ անհանգստութիւն յառաջացուցած է եւ այդ պատճառով Իրանի բանակը ռազմափորձի ձեռնարկած՝ Ատրպէյճանի հետ սահմանի վրայ։ Այսպէս, Ալիեւ յայտնեց, որ Իրանի սահմանին վրայ իր երկրին կողմէ Իսրայէլի վերաբերեալ որեւէ տարր գոյութիւն չունի։ Ալիեւ յայտնեց նաեւ, որ Իրանի կողմէ իր երկրի հասցէին հնչած անհիմն մեղադրանքները անպատասխան չեն մնար։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2021