ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ «ՍԻՒՓԵՐՄԵՆ» ՉԷ...

Մի քանի երեսակ ունի ռուսաց մեծ կայսրութիւնը։ Ինչպէս միւս բոլոր հզօր տէրութիւնները, այնպէս ալ Ռուսաստան «կը խաղայ» զանազան թելերու վրայ, միշտ ալ փորձելով նախ ոտքի մնալ, իր շահերը ապահովել ու պահել «ոսկեայ միջին»ը։

Ռուսաստանի անունը տալով աւելի քան յստակ կը դառնայ, որ այդ տէրութեան դէպի «տաք ջուրեր» սահմանի վերջին «օրկանական» սահմանը եւ դրօշակը դրուած են եւ կան Հայաստանի մէջ։ Այդ բոլորը անշուշտ «նուիրականացած» դրոյթներ են ստեղծուած ու տեսակ մըն ալ կամրջուած Խորհրդային Միութեան օրերուն։ Այդ միութեան կերտուածքով, այդ միութեան ոգիով ու գաղափարով շաղախուած կապը այսօր արդէն բոլորովին նոր իրավիճակի մէջ է։

Ի դէպ, եթէ անկեղծ ըլլալ փորձենք, հարկ է անպայման նշել, որ Ռուսաստան-Հայաստան յարաբերութիւնները այլ էին անցնող տարի եղած պատերազմէն առաջ ու այսօր բոլորովին տարբեր հունի մէջ են։

Ճիշդ է, որ Հայաստանի հասարակութեան մեծ տոկոսը մինչեւ այսօր ալ չ՚ուզեր հաւատալ, թէ ինչպիսի դրսեւորում ունեցաւ Մոսկուան 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ, բայց խնդիրը միայն ատով չի սահմանափակուիր։ Խնդիրը այլ տեղ է, այն իմաստով, որ գետնի վրայ եղած բոլոր գիծերը, պատկերները եւ համայնական տեսարանը ցոյց կու տան, որ մենք գործ ունինք բոլորովին նոր Ռուսաստանի հետ, որ երբեք կրողը չէ (մանաւանդ ներկայ ժամանակներուն) նախկին Խորհրդային Միութեան ընդհանուր ընկալումներուն։

Այստեղ ամենակարեւորը այն է, որ հայկական կողմը, որ նոյնիսկ ծանր պատերազմէն ետք մեծ հաշուով սկսած էր մօտենալ որոշ ճշմարտութիւններու, այսօր կրկին անգամ վերադարձած է հին եւ կարծրատիպային «փրկչական» մօտեցումներու, ըստ որոնց «Ռուսաստանը ամէն ինչ կրնայ ընել» կամ «Ռուսաստանը մեր պապան է եւ սիւփերմեն է»։ Անշուշտ, այս դիտարկումները գեղեցիկ կը հնչեն մեր ականջներուն, սակայն իրականութենէն հեռու են, եթէ անկեղծ կերպով տեսնենք ու ընդունինք, որ նոյն հզօր Ռուսաստանը կարեւոր քայլեր չկատարեց արագօրէն դադրեցնելու մարդկային կեանքերու կորուստը եւ ինչ-որ տեղ երկու հակամարտող կողմերը նստեցնելու բանակցութեան սեղան։

Մարդկային կորուստներու հարցը ամենամեծ չափիչն է, որ կը շարունակէ վէրք մնալ հայկական մարմնին վրայ։ Նոյն այդ նահատակներու նիւթը սփոփիչ պատեանի մը մէջ կարելի էր դնել, պայմանաւ, որ Ղարաբաղի հարցը իրապէս լուծուած ըլլար եւ լուծուած ըլլար երկու կողմերուն համար «տանելի» լուծումներով։

Ցաւօք սակայն, այսօր պատկերը այդպէս չէ ու այդ բոլորին մէջ ալ առկայ է Ռուսաստանի դերին վտանգուած ըլլալը, որուն մասին կարելի է հետեւութիւններ ընել այլ առիթներով։

Ամէն պարագայի, առհասարակ, ռուսական դիրքերու մասին վերջերս ուշագրաւ եւ հնարաւորինս անկեղծ վերլուծումներ կատարած է ծանօթ վերլուծաբան Ռուսլան Պուխով։ Ան անդրադարձած է Կովկասի մէջ ստեղծուած իրադրութեան՝ մասնաւորապէս նշելով, որ Ղարաբաղի մէջ այսօր առկայ սթաթիւքոն կը շարունակէ մնալ անկայուն։ Ան նաեւ տարբեր մակարդակներու վրայ դիտարկումներ կատարած է ռուսական կողմի ունեցած թերի եւ նոյնիսկ «վիրաւոր» երեսակներուն վրայ ու յանգելով այն եզրակացութեան, թէ այսօր Հարաւային Կովկասի մէջ ստեղծուած իրադրութիւնը ո՛չ միայն «յաւերժական» չէ, այլ նաեւ՝ այնքան ալ ձեռնտու չէ ռուսական կողմին համար։ Ան ինչ-ինչ տուեալներու հանրագումարով հասած է այն եզրակացութեան, որ ստեղծուած վիճակը պէտք է պահել ամէն գնով եւ բոլոր «կարելի» միջոցներով։

Ստորեւ Պուխովի «Քոմերսանթ» թերթին մէջ հրապարակած յօդուածին գլխաւոր հատուածները։

ՏԵՍԱԿԷՏ՝ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԷՆ

Ղարաբաղի 44-օրեայ պատերազմը, որ սկսաւ 27 սեպտեմբեր, 2020-ին, շրջադարձային պահ էր ոչ միայն անոր մասնակից Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի համար: Ան փոխեց ուժերու քաղաքական եւ ռազմական հաւասարակշռութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ, նպաստեց Թուրքիոյ յետագայ աճին, որպէս տարածքաշրջանային ուժ, նախանշեց Անդրկովկասի մէջ Ռուսաստանի ազդեցութեան իրական սահմանները եւ յետխորհրդային տարածքի այս հատուածին մէջ Միացեալ Նահանգներու ու Եւրոպական Միութեան երկիրներու իրական հետաքրքրութեան աստիճանը: Անօդաչուներու միջոցով Ատրպէյճանի կողմէ օդային գերակայութեան ձեռքբերումը ո՛չ միայն պատերազմի արդիւնքը վճռող հիմնական գործօններէն մէկն էր, այլեւ՝ ռազմական արուեստի զարգացման ուղղուած քայլ:

Հաշուի առնելով, որ 26-ամեայ սառեցումէն ետք որքան արագ վերսկսաւ հայ-ատրպէյճանական հակամարտութիւնը, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող ներկայ իրավիճակը կարելի չէ կայուն համարել: Իսկ եթէ այդպէս է, անհրաժեշտ է ոչ միայն դասեր քաղել վերջին պատերազմէն, այլ նաեւ հետեւիլ անոր ստեղծած նոր դրութեան։

Նախ եւ առաջ, զինեալ հակամարտութեան հետեւանքները, ցնցելով պարտուածները եւ խոր վէրքեր հասցնելով անոնց, ամբողջութեամբ չեն բաւարարած նաեւ յաղթողները: Եթէ ​​տեսանելի ապագային հայկական վրէժխնդրութեան հնարաւորութիւններ չստեղծուին, ուրեմն Ատրպէյճան կը փորձէ վերականգնել ամբողջական եւ վերջնական վերահսկողութիւն Լեռնային Ղարաբաղի ամբողջ տարածքի նկատմամբ: Ռուսաստանը նոյնպէս ծանր իրավիճակի մէջ է: Որոշ միջազգային վերլուծաբաններ շտապեցին անուանելով զինադադարի եւ Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահ ուժերու տեղակայման մասին համաձայնութիւնը Մոսկուայի յաղթանակ, որու զօրքերը այժմ տեղակայուած են բոլոր երեք պետութիւններու միջազգայնօրէն ճանչուած տարածքներուն՝ Հայաստանի (ռազմակայան Կիւմրի), Ատրպէյճանի (խաղաղապահներ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ) եւ Վրաստանի (զօրակազմեր՝ տեղակայուած Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ սահմանները) մէջ։

Այսպիսի տեսակէտ ոչ միայն մակերեսային է, այլ էապէս սխալ: Մէկ կողմ դնելով Հայաստանի, Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ մէջ ռուսական ռազմակայաններու հետ կապուած իրավիճակը, պէտք է նշել Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու ներկայութեան պայմանականութիւնը: Այստեղ ռուս խաղաղապահներու հնգամեայ ժամկէտը, այսինքն, ըստ էութեան, այն տարածքի ժամանակաւոր կարգավիճակը, որ դեռ Ղարաբաղի հայերուն ձեռքն է՝ որպէս Ռուսաստանի խնամակալութիւն, թոյլ կու տայ զայն երկարաձգել, սակայն նման երկարաձգումը, եթէ տեղի ունենայ, հեշտ չ՚ըլլար, նաեւ՝ ինքաբերաբար չ՚ըլլար: Իր դաշնակից Անգարայի հետ Պաքուն արդէն կը փորձէ ճնշում գործադրել Մոսկուայի վրայ, որպէսզի տարածքաշրջանը ամբողջովին անցնի Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ:

Այսպիսով, ներկայի սթաթիւքոն տարածքաշրջանին մէջ անկայուն է: Դաշնակից Հայաստանի եւ գործընկեր Ատրպէյճանի միջեւ երկարաժամկէտ հաւասարակշռութեան պահպանման՝ Ռուսաստանի մարտավարութիւնը անիրատեսական է: Մոսկուայի միջնորդութեամբ 1994 թոուականին հաստատուած հրադադարը տեւեց աւելի քան քառորդ դար, սակայն ի վերջոյ ան չկանխեց նոր պատերազմը: Լեռնային Ղարաբաղի աւերակներուն վրայ նման բան նախագծելը անիմաստ է:

Մինչ այժմ Ռուսաստանի ղեկավարութիւնը համեմատաբար յաջողակ էր մարտավարական մակարդակով խուսանաւելու գործին մէջ: Մոսկուան պահպանելով հաւասարակշռութիւնը հակառակորդներուն միջեւ Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմին, պահպանեց Հայաստանի հետ դաշնակցային եւ Ատրպէյճանի հետ գործընկերային յարաբերութիւնները: Ճանչնալով Կովկասի մէջ թրքական ներկայութեան իրողութիւնը՝ ան մասամբ պահպանեց իր դէմքը՝ որպէս Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ միակ միջնորդ եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց աշխատելու Հայաստանի որեւէ ղեկավարութեան հետ, որ հաւատարիմ կ՚ըլլայ Ռուսաստանի շահերուն: Միեւնոյն ժամանակ, Ռուսաստանը հմտօրէն կը խուսափի Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցի քննարկումէն: Այս բոլոր խուսանաւումները լաւ են, սակայն անոնք կա՛մ արդէն իրականացուած են աւարտուած պատերազմի ժամանակ, կամ կարեւոր կը մնան միայն ժամանակ շահելու տեսանկիւնէն: Այս վերջինի պարագային պէտք է հոգ տանիլ, որ ժամանակ չկորսնցնէք:

Ռազմավարական առումով Մոսկուան ուրուագծեց պատերազմող կողմերու միջեւ տնտեսական համագործակցութեան նախագիծերու խթանման, Խորհրդային Հայաստանի փլուզումէն ի վեր տարածքաշրջանի ներքին համախմբուածութեան բարձրացման, փոխադրային եւ այլ հաղորդակցութիւններու զարգացման ուղիներ հիւսիս-հարաւ եւ արեւելք-արեւմուտք գիծերու երկայնքով: Տրամաբանական տեսանկիւնէն սա ճիշդ մօտեցում է, եւ իմաստ ունի զարգացնել զայն՝ անընդհատ ձգտելով յստակ արդիւնքներու: Ինչ որ պահ, կուտակուած դրականը, սկզբունքօրէն, կրնայ փոխել իրավիճակի շարժունակութիւնը։ Գործնականօրէն ժամանակին կը փորձէին կիրառել նման բան մը արաբ-իսրայէլեան հակամարտութիւնը յաղթահարելու եւ «նոր Մերձաւոր Արեւելք» ստեղծելու համար: Հիմքեր չկան ենթադրելու, որ Հարաւային Կովկասի մէջ, ուր բախում տեղի կ՚ունենայ բազմաթիւ խաղացողներու միջեւ, անոնց կարգին՝ տարածքաշրջանէն դուրս գտնուող խաղացողներու շահերը, եւ ուր Վրաստանի հետ կապուած երկարատեւ հակամարտութիւններ կան, արդիւնքները աւելի տպաւորիչ կրնան ըլլալ:

Մերձաւոր Արեւելքին յղում կատարելը պատահական չէ: Անդրկովկասը, աւելի ու աւելի հեռանալով Ռուսաստանէն, աստիճանաբար կը յարի Մերձաւոր Արեւելքի տարածքաշրջանին՝ հեռանկար ունենալով դառնալ անոր մէկ մասը: Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի պակաս ներգրաւուածութիւնը Ղարաբաղի մէջ հրադադարի դրութեան հաստատման գործով յատկանշանական է: Սա ուշադրութեան իրավիճակային բաց մը չէ: Թուրքիան, Իրանը եւ Իսրայէլը, ոչ թէ Ամերիկան ​​եւ Եւրոպան, աւելի ու աւելի կ՚ազդեն այն ​​ամէնուն վրայ, ինչ կը կատարուի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի եւ անոնց միջեւ: Այս հանգամանքը պէտք է ուղղէ Ռուսաստանի քաղաքականութիւնը դէպի Անդրկովկասի հարեւաններու նկատմամբ աւելի համարժէք մօտեցումներու որոնման, աւելի լայն մերձաւորարեւելեան, այլ ոչ յետխորհրդային կամ ռուս-արեւմտեան շրջածիրէն ներս:

Կարելի է պնդել, որ Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմէն յետոյ ստեղծուած պայմաններուն մէջ Ռուսաստանին անհրաժեշտ է նոր նպատակադրում Անդրկովկասի եւ, մասնաւորապէս, Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութեան մէջ: Պէտք է նաեւ պաշտպանութեան եւ սեփական ազգային շահերը առաջ մղելու համապատասխան ռազմավարութիւն:

Ռուսաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի միւս համանախագահներուն Լեռնային Ղարաբաղի հարցի շուրջ բազմամեայ ջանքերը կը յանգեցնեն եզրայանգման: Ղարաբաղեան հակամարտութեան վերջնական լուծումը դեռ չի կրնար տեղի ունենալ բացառապէս դիւանագիտական ճանապարհով միջազգային մակարդակով: Խաղաղ ճանապարհը կը պահանջէ վերնախաւերու լայն խումբերու իրական շարժում եւ երկու երկիրներու հասարակութիւններու դէպի հաշտութիւն դիրքորոշում, ինչ որ մօտ ապագային գրեթէ անհնար է: Խնդրի ռազմական լուծումը գոյութիւն ունի, սակայն անիկա կ՚ենթադրէ ուղիղ բախում ռուս խաղաղապահներու հետ: Ատիկա լուրջ խոչընդոտ է, սակայն այն հազիւ թէ արժէ համարել բացառապէս անյաղթահարելի կողմին համար, որ արտաքին ռազմական աջակցութեան պարագային կը փորձէ հարցը լուծել ի շահ իրեն: Ռուսաստանի համար խաղադրոյքները, այժմ չափազանց աճած են՝ ի տարբերութիւն Ղարաբաղի առաջին ու երկրորդ պատերազմներուն: Ռուսական զօրքերը այժմ կանգնած են հայկականին ու ատրպէյճանականին միջեւ: Այդ պայմաններուն մէջ Մոսկուայէն հեռանալ կարելի չէ, իսկ խաղէն դուրս գալը արտաքին ազդեցութեան ներքոյ յղի է հեղինակութեան հսկայական կորուստներու:

Յառաջիկայ հինգ տարիներուն հայ-ատրպէյճանական ուղղութեամբ Ռուսաստանի ռազմավարական նպատակը կրնայ դառնալ ոչ թէ Ղարաբաղի ամուր խաղաղութիւնը՝ խաղաղութեան պայմանագրի հիման վրայ, ինչ որ հազիւ թէ իրականանալի է, այլ տարածքաշրջանին մէջ երրորդ պատերազմի կանխարգելումը: Այդպիսի պատերազմը Ռուսաստանի համար կ՚ունենայ շատ աւելի անբարենպաստ հետեւանքներ, քան 2020-ի հակամարտութիւնը: Այդ նպատակի իրագործումը հնարաւոր է արդէն ձեւաւորուած ուղղուածութիւնը տնտեսական փոխազդեցութեան վերականգնման շուրջ հակամարտութեան կողմերուն միջեւ եւ հիւսիս-հարաւ ուղղութեամբ կապերու զարգացումը Հայաստանի, Ատրպէյճանի, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ ու Իրանի նկատմամբ գործունեայ եւ աշխոյժ քաղաքականութեամբ: Նպատակը կրնայ ըլլալ ոչ միայն այդ խաղացողներուն Հարաւային Կովկասի մէջ կապերու վերականգնման շուրջ աշխատանքը, այլ գլխաւորապէս անոնց կողմէ Ռուսաստանի նկատմամբ ճնշման զսպումը:

Այդպիսի մօտեցման ծիրէն ներս անհրաժեշտ է վերաիմաստաւորել Հայաստանի հետ Ռուսաստանի յարաբերութիւնները: Ռուսաստանի քաղաքականութեան նպատակը այդտեղ կրնայ ըլլալ դաշնակցային եւ գործընկերային յարաբերութիւններու պահպանումը Հայաստանի հետ, սակայն կողմերու շահերու գործնական հիմքի վրայ: Մոսկուան արդէն ցուցադրած է, որ չի պատրաստուիր միջամտել Երեւանի ներքին գործերուն, այդ սկզբունքը պէտք է շարունակաբար պահպանել: Հայաստանի արտաքին քաղաքական եւ տնտեսական կողմնորոշումը հայերու գործն է, սակայն այդ կապակցութեամբ Մոսկուան պէտք է հասկցնէ Երեւանին, որ այդ ուղղութեամբ որեւէ լուծում կրնայ ունենալ յստակ հետեւանքներ Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններուն համար: ԵԱՀԿ-էն ներս Հայաստանի անդամակցութիւնը պէտք է շահաւէտ ըլլայ երկու կողմերուն ալ, իսկ անվտանգութեան ու պաշտպանութեան ոլորտին մէջ գործընկերներու պարտաւորութիւնները պէտք է ոչ միայն յստակ նշուին, այլ նաեւ հրապարակաւ ըսուին:

Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները, որու կապերը Թուրքիոյ հետ ձեռք կը բերեն սկզբունքօրէն աւելի սերտ բնոյթ, նոյնպէս կը պահանջեն վերագնահատում ու վերանայում: Մոսկուայի նպատակը կրնայ դառնալ Պաքուի հետ ստեղծած բարեկամական գործընկերային յարաբերութիւններ, տնտեսական, մշակութային եւ գիտական մակարդակի նոր կապերով։ Նպատակայարմար է, սակայն, Պաքուին յստակ բացատրել, որ որքան կարեւոր են անոր համար լաւ յարաբերութիւնները Մոսկուայի հետ: Ներկայ պայմաններուն մէջ Պաքուի արտաքին քաղաքականութեան բազմաթիւ կողմերը եւ անոր հաւասարակշռութիւնը Մոսկուայի ու Անգարայի միջեւ որքան հնարաւոր է բարձր են:

Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմէն յետոյ ռուսական ռազմավարութիւնը պարտաւոր է հաշուի առնել Անդրկովկասի մէջ ՆԱԹՕ-ի անդամ ու յաւակնոտ տարածքաշրջանային տէրութիւն՝ Թուրքիոյ ռազմական ներկայութիւնը, որ առանցքային դեր խաղացած է Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու յաջող յարձակողական գործողութիւններու հարցով: Մոսկուան արդէն ընդունած է անոր ներկայութիւնը՝ խօսելով Աղտամի մէջ թուրք զինուորականներու հետ համատեղ մշտադիտարկման կեդրոնի աշխատանքին մասին: Միեւնոյն ժամանակ Կովկասի մէջ Թուրքիոյ ռազմաքաղաքական ընդարձակումը կ՚ունենայ բացասական հետեւանքներ Ռուսաստանի անվտանգութեան համար: Այդ անհրաժեշտ է դադրեցնել՝ մատնանշելով միւս տարածքաշրջաններուն մէջ Թուրքիոյ դիրքերու վերաբերեալ նիւթերը:

Ռուս-թրքական յարաբերութիւնները, որոնք կը համադրեն ինչպէս մրցակցութեան, այնպէս ալ համագործակցութեան տարրեր, կը դառնան աւելի մրցակցային Անգարայի յաւակնութիւններու ընդլայնման պատճառով ո՛չ միայն Օսմանեան կայսրութեան կազմէն ներս եղած երկիրներուն, այլեւ՝ Թիւրքմենիստանի ու Միջին Ասիոյ թրքալեզու պետութիւններուն մէջ, ինչպէս նաեւ ռուսական Հիւսիսային Կովկասին, Խրիմի, Աբխազիոյ ու այլ շրջաններու մէջ: Ղարաբաղի հակամարտութեան մէջ թրքական յաջող միջամտութիւնը էապէս ընդլայնած է այդ ազդեցութեան հիմքը: Թուրքիոյ հետ ուղիղ բախումը Ռուսաստանի շահերէն չի բխեր: Թրքական ուղղութիւնը արժանի է յատուկ ռազմավարութեան, ուր գործընկերութիւնն ու հակազդեցութիւնը տրամաբանականօրէն կապուած են իրարու։

Վերջապէս, կարեւոր եզրակացութիւններ պէտք է կատարուին ռազմական մակարդակով: Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմը վառ օրինակն էր, թէ ինչպէս ռազմական գործին մէջ յեղափոխութիւնը կրնայ ազդել տեղական ռազմական հակամարտութիւններու մակարդակին վրայ: 1990-ականներէն ի վեր Ռուսաստանի համար Լեռնային Ղարաբաղը դարձած է ռազմական հակամարտութիւններու երկար շղթային առաջին օղակը Խորհրդային Հայաստանի փլուզումէն յետոյ այդ տարածքին մէջ: Ուստի, Մոսկուան չի կրնար հաշուի չառնել Կովկասի վերջին պատերազմի հետեւանքներու ազդեցութիւնը Տոնպասի նկատմամբ Ուքրայնայի մտածողութեան կամ Աբխազիոյ ու Հարաւային Օսեթիոյ նկատմամբ Վրաստանի մտածողութեան վրայ: Աշխարհագրական մեկուսացուած վիճակի մէջ կը գտնուի նաեւ ռուսական փոքր ռազմական զօրասիւնը Մերձտնեստրի մէջ:

Ակնյայտ է, որ բոլոր այդ տարածքաշրջաններուն մէջ անհրաժեշտ է ոչ միայն քաղաքական, այլ նաեւ ռազմական ռազմավարութեան յստակեցում ու վերանայում:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2021