IFEA-Ի ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Ֆրան­սա­յի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան եւ Գի­տա­կան հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին կեդ­րո­նի (CNRS) հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ Իս­թան­պու­լի մէջ գոր­ծող IFEA-ի (Ա­նա­դո­լա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու ֆրան­սա­կան կա­ճառ) Նո­յեմ­բեր ամ­սուան ձեռ­նարկ­նե­րուն շրջագ­ծով, ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին տե­ղի ու­նե­ցաւ հե­տաքրք­րա­կան հա­ւա­քոյթ մը, ո­րու ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան հայ­կա­կան սփիւռ­քի շարք մը հրա­տապ հար­ցե­րը՝ մաս­նա­ւո­րա­պէս կրթա­կան բնա­գա­ւա­ռին վե­րա­բե­րեալ։ Քա­ղա­քիս Ֆրան­սա­կան պա­լա­տի Պէ­յօղ­լուի հա­մա­լի­րէն ներս խարս­խուած IFEA-ի կեդ­րո­նի դահ­լի­ճի եր­դի­քին տակ կազ­մա­կեր­պուած ա­սու­լիս մըն էր այս մէ­կը, «Հայ դպրո­ցը Թուր­քիոյ, Լի­բա­նա­նի եւ Ֆրան­սա­յի մէջ. ա­ռա­ւե­լու­թիւն­ներ եւ մար­տահ­րա­ւէր­ներ» խո­րագ­րին ներ­քեւ։ Օ­րուան ա­տե­նա­խօսն էր՝ Ֆրան­սա­յի Ա­րե­ւե­լեան լե­զու­նե­րու եւ քա­ղա­քակր­թու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին կա­ճա­ռի (INALCO) հայ­կա­կան ծրագ­րի վա­րիչ Տքթ. Ա­նա­հիտ Տօ­նա­պե­տեան, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն որ­պէս այ­ցե­լու դա­սա­խօս կ՚աշ­խա­տի նաեւ Պէյ­րու­թի Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նին մօտ։ Հարկ է նշել, որ Ա­նա­հիտ Տօ­նա­պե­տեան որ­պէս խորհր­դա­կան մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րէ նաեւ Լիզ­պո­նի «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կի հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու բա­ժան­մուն­քին կող­մէ ստեղ­ծուած, սփիւռ­քա­հայ վար­ժա­րան­նե­րու վե­րա­բե­րեալ կրթա­կան յա­տուկ յանձ­նա­խում­բի աշ­խա­տանք­նե­րուն։ Շա­հե­կան ե­լոյ­թին տե­ւո­ղու­թեան ան հան­գա­մա­նօ­րէն անդ­րա­դար­ձաւ զա­նա­զան եր­կիր­նե­րէ ներս ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի ու­սուց­ման խնդիր­նե­րուն, ըն­կե­րամ­շա­կու­թա­յին կամ ինք­նու­թեան մա­սին ա­ծան­ցեալ հար­ցե­րով հան­դերձ։

Ա­նա­հիտ Տօ­նա­պե­տեան ներ­կա­յա­ցուց Թուր­քիոյ, Լի­բա­նա­նի եւ Ֆրան­սա­յի հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րուն ա­ռըն­չու­թեամբ բաղ­դա­տա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թեան մը ար­դիւնք­նե­րը։ Ան այդ հա­մե­մա­տա­կան կա­ցու­թիւ­նը ցո­լա­ցուց վի­ճա­կագ­րա­կան տուեալ­նե­րու հա­մայ­նա­պատ­կե­րին վրայ՝ յի­շեալ եր­կիր­նե­րու հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րուն ընդ­հա­նուր կա­ցու­թիւ­նը խո­շո­րա­ցոյ­ցի տակ բե­րե­լով, ա­ռանց ան­տե­սե­լու նաեւ աշ­խար­հի ու­րիշ եր­կիր­նե­րու հայ­կա­կան դպրոց­նե­րուն մա­սին հան­գա­մանք­նե­րը։

Դա­սա­խօ­սու­թեան սկիզ­բին Տօ­նա­պե­տեան պատ­մա­կան ամ­փոփ տուեալ­ներ ներ­կա­յա­ցուց հա­յոց մօտ վար­ժա­րան­նե­րու հաս­տատ­ման՝ դպրո­ցա­կա­նաց­ման կամ դպրո­ցաց­ման շրջա­նին մա­սին՝ խո­րա­նա­լով մին­չեւ 1830-ա­կան թուա­կան­նե­րը։ Ան մատ­նան­շեց Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան շրջա­նի հայ­կա­կան դպրոց­նե­րու ցան­ցը։ Ըստ ի­րեն, վար­ժա­րան­նե­րու հաս­տատ­ման գոր­ծըն­թա­ցը ա­մե­նաս­կիզ­բի փու­լէն սկսեալ ուղ­ղոր­դուած էր լե­զուի ար­դիա­կա­նաց­ման եւ աշ­խար­հա­վա­րա­կա­նաց­ման վէ­ճե­րով։ Այդ բո­լո­րի զու­գա­հե­ռու­թիւն­նե­րը բա­ցատ­րե­լու ժա­մա­նակ ան մաս­նա­ւոր անդ­րա­դարձ կա­տա­րեց Նա­հա­պետ Ռու­սի­նեա­նի «Ուղ­ղա­խօ­սու­թիւն» եւ Հայր Ար­սէն Այ­տը­նեա­նի կող­մէ հե­ղի­նա­կուած ա­ռա­ջին քե­րա­կա­նու­թեան գրքե­րու­ն։

Ա­նա­հիտ Տօ­նա­պետեան կանգ ա­ռաւ լե­զուի ո­լոր­տէն ներս այդ շրջա­նին ապ­րուած բա­նա­վէ­ճե­րուն վրայ, մաս­նա­ւոր անդ­րա­դարձ կա­տա­րե­լով աշ­խար­հա­բա­րի ու­սուց­ման։ 1891-ին Պատ­րիար­քա­րա­նի Ու­սում­նա­կան խոր­հուր­դը աշ­խար­հա­բա­րը հռչա­կած էր որ­պէս ու­սուց­ման լե­զու։ 1902-ին ամ­բողջ Օս­մա­նեան տա­րած­քէն ներս 818 հայ­կա­կան դպրոց գո­յու­թիւն ու­նէր. 60 հա­զար 315 մանչ եւ 22 հա­զար 380 աղ­ջիկ ա­շա­կեր­տով, 2 հազար 150 կրթա­կան մշա­կով։ Այդ շրջա­նին բո­լոր վէ­ճե­րու կեդ­րո­նին կը գտնուէր Պո­լի­սը, ծայր աս­տի­ճան կեն­սու­նակ գոր­ծըն­թաց մը կար, սա­կայն 1915-ին յան­կարծ ընդ­հա­տուե­ցաւ ա­մէն ինչ։

Տօ­նա­պե­տեան բա­ցատ­րեց, թէ այս կէ­տէն սկսեալ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը վե­րա­ծուե­ցաւ սփիւռ­քեան լե­զուի մը։ Սփիւռ­քա­ցու­մը ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի պա­րա­գա­յին միա­կեդ­րոն կա­ցու­թիւ­նը փո­խեց բազ­մա­կեդ­րո­նի։ Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը վե­րա­ծուե­ցաւ ա­ռանց տա­րած­քի լե­զուի մը։ Ա­մէ­նու­րեք կ՚օգ­տա­գոր­ծուէր որ­պէս փոք­րա­մաս­նա­կան լե­զու ու ո­րե­ւէ տեղ չզար­գա­ցաւ որ­պէս պե­տա­կան լե­զու։ Այս գոր­ծըն­թա­ցը տաս­նա­մեակ­նե­րու հո­լո­վոյ­թին մէջ յան­գե­ցաւ այն հե­տե­ւան­քին, որ 2010 թուա­կա­նին ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը ար­դէն յայտ­նուե­ցաւ ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի վտան­գուած լե­զու­նե­րու ցան­կին վրայ։ Հիմ­նա­կան չա­փա­նի­շը այն է, որ ե­րի­տա­սարդ սե­րունդ­նե­րը այ­լեւս չեն սոր­վիր ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն։ Յա­մե­նայն­դէպս, Ա­նա­հիտ Տօ­նա­պե­տեան մատ­նան­շեց, որ հայ­կա­կան աշ­խար­հէն ներս այ­սօր տա­կա­ւին լե­զուն կը շա­րու­նա­կէ կա­րե­ւոր ցու­ցա­նիշ մը հա­մա­րուիլ ինք­նու­թեան տե­սա­կէ­տէ։

Այս կէ­տէն սկսեալ դա­սա­խօ­սու­թեան տե­ւո­ղու­թեան Ա­նա­հիտ Տօ­նա­պե­տեան ման­րա­մասն բաղ­դա­տու­թիւն մը ներ­կա­յա­ցուց Լի­բա­նա­նի, Թուր­քիոյ եւ Ֆրան­սա­յի հայ­կա­կան դպրոց­նե­րուն շուրջ։ Վի­ճա­կագ­րա­կան ճոխ տուեալ­նե­րով զու­գոր­դուած հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րուն մէջ չէին ան­տե­սուած նաեւ հա­յա­շատ ու­րիշ կեդ­րոն­նե­րու դպրոց­նե­րը։ Ան վար­ժա­րան­նե­րու ընդ­հա­նուր վի­ճա­կը ներ­կա­յա­ցուց տուեալ հա­մայնք­նե­րու ընդ­հա­նուր պայ­ման­նե­րուն, մտայ­նու­թեան եւ տուեալ երկ­րի հա­մարկ­ման աս­տի­ճա­նին լոյ­սին տակ։ Որ­պէս ա­ռանց­քա­յին նիւթ ան մեկ­նա­բա­նեց նաեւ հա­յա­պահ­պան­ման հար­ցը՝ ար­դի իր զա­նա­զան դրսե­ւո­րում­նե­րով ու ծնունդ տուած հար­ցում­նե­րով։ Ար­դա­րեւ, ան հա­մո­զուած է, թէ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի ու­սուց­ման թափ ստա­նա­լուն վե­րա­բե­րեալ սպա­սում­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ՝ դպրոց­նե­րուն ար­դիւն­քը բարձ­րաց­նե­լու հա­մար պէտք է յստա­կաց­նել ա­նոնց նպա­տակ­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ վէ­ճե­րը։ Իր ծա­ւա­լուն ե­լոյ­թէն վերջ Ա­նա­հիտ Տօ­նա­պե­տեան պա­տաս­խա­նեց նաեւ ի­րեն ուղ­ղուած հար­ցում­նե­րուն։

 

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2015