ԵՐԵՒԱՆԷՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆ

Ե­րե­ւա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ե­րէկ ար­ձա­գան­գեց Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի կող­մէ շա­բա­թա­վեր­ջին կա­տա­րուած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն՝ Թուր­քիա-Հա­յաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն շուրջ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Շա­ւարշ Քո­չա­րեան այս կա­պակ­ցու­թեամբ ը­սաւ. 
«Թուր­քիոյ հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կար­գա­ւոր­ման խո­ղո­վակ­նե­րը քաջ յայտ­նի են։ Ա­նոնք են 2009 թուա­կա­նին Ցիւ­րի­խի մէջ ստո­րագ­րուած հայ-թըր-քա­կան ար­ձա­նագ­րու­թիւն­ներն ու ա­նոնց վա­ւե­րա­ցու­մը։ Քա­նի որ Թուր­քիա հրա­ժա­րե­ցաւ այդ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րու վա­ւե­րա­ցու­մէն, ինքն իսկ փա­կեց ու կը փա­կէ հայ-թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կար­գա­ւոր­ման խո­ղո­վակ­նե­րը»։ 

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2017