ՄԱՅՔԸԼ ՔՐԻՍԹԻՏԻՍԻ ԱՅՑԸ

Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) ընդհանուր քարտուղար Մայքըլ Քրիսթիտիս վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի կողմէ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ողջունելով հիւրը՝ Եդուարդ Նալպանտեան նշեց, որ Հայաստան կը կարեւորէ տարածքաշրջանային տնտեսական համակարգման գործընթացները եւ այդ իսկ սկզբունքով առաջնորդուած, աշխուժօրէն կը մասնակցի ՍԾՏՀԿ-ի շրջանակներէ ներս բազմաոլորտ համագործակցութեան։ Իր կարգին, ընդհանուր քարտուղարն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար եւ գոհունակութեամբ արտայայտուեցաւ ՍԾՏՀԿ-ի շրջանակներէ ներս Հայաստանի աշխոյժ ներգրաւուածութեան մասին։

Յառաջիկային վեց ամսուան ժամկէտով Հայաստան պիտի ստանձնէ ՍԾՏՀԿ-ի շրջանային նախագահի պաշտօնը։ Ուստի, զրուցակիցները անդրադարձան ՍԾՏՀԿ-ի մօտ Հայաստանի յառաջիկայ նախագահութեան եւ անոր առաջնահերթութիւններուն։ Նալպանտեան եւ Քրիսթիտիս քննարկեցին ՍԾՏՀԿ-ի շրջանակներէն ներս համագործակցութեան առաջնային ուղղութիւնները, կազմակերպութեան բարեփոխումներուն վերաբերեալ հարցեր։ Նալպանտեան նշեց, որ ՍԾՏՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի շրջանակներէն ներս կազմակեպութեան կանոնադրութեան եւ սկզբունքներուն ներհակ գործելու որոշ փորձեր վնասակար են եւ կը հարուածեն այս կառոյցի հեղինակութիւնը։ 

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2017