ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐ ԾԱՂԻԿՆԵՐ ԶԵՏԵՂԵՑԻՆ ԵՂԻՇԷ ՉԱՐԵՆՑԻ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԻՆ

Եղիշէ Չարենցի մահուան 80-ամեայ տարելիցին առթիւ հայ գրողները, ուսուցիչներն ու աշակերտները Երեւանի մէջ ծաղիկներ զետեղեցին մեծ գրողի յուշարձանին:

Թէեւ Եղիշէ Չարենցը կարճ ապրած է՝ անոր կեանքի ամէն վայրկեանը, լեցուն էին հայոց պատմութեան թէ՛ բերկրալից, թէ ողբերգական էջերով: Պատահական չէ, որ հայոց պատմութեան խաչմերուկները Չարենցը վերլուծեց ու բանաստեղծութեան տեսքով յանձնեց հայ ժողովուրդին: Չարենցի բանաստեղծութեան, արձակին մէջ մէկտեղուած է ամբողջ համաշխարհային գրականութիւնը: Չարենցը իր ժամանակներու անաչառ գնահատականը կու տար. անոր համար ալ պատժուեցաւ, բանտար-կըւեցաւ: Պէտք է յիշենք Չարենցը, բռնաճնշման ենթարկուած միւս գրողները, որոնք էական դեր կատարած են հայ գրականութեան կայացման գործին մէջ», նշեց Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Եդուարդ Միլիտոնեան:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի տնօրէն Կարօ Վարդանեանի խօսքով՝ Չարենցը վիթխարի գրող էր, որ չէր կրնար ապրիլ իր ժամանակի հեղձուցիչ սահմաններուն մէջ: «Ան կամ պիտի խորտակէր այդ սահմանները, պիտի պայթեցնէր զանոնք, կամ պիտի դառնար անոնց զոհը: Եղիշէ Չարենցը երկուքն ալ ըրաւ: Ան ուրուագծեց հոգեւոր հայրենիք, որ անեզր է, տիեզերական: Եղիշէ Չարենցը մեր պատմութեան խորխորատներէն այնպիսի լոյս բխեցուց, որ մինչ օրս կը պայծառացէ ու յաւերժ պէտք է լուսաւորէ հայ մշակոյթը», ըսաւ Վարդանեան:

«Ան ապրեցաւ քառասուն տարի, եւ անոր կեանքը աւարտեցաւ իր արարչական գործի ճանապարհի կէսին: Վերջին տարիներուն Եղիշէ Չարենցը հազուադէպ տունէն դուրս կու գար, եւ ոչ ոք իրեն այց կու տար: 1937 թուականին՝ իր քառասնամեակի օրերուն, ան գրած էր, որ կը տօնէ կրկնակի յոբելեանը՝ իբրեւ առանձին եւ հալածական բանաստեղծ աքսորեալ սեփական հայրենիքին մէջ», նշեց Եղիշէ Չարենցի թոռնուհին՝ Գոհար Չարենց: Ան ընդգծեց, որ Չարենցը կ՚ապրի, քանի որ տակաւին կայ հայ մարդը:

Միջոցառումը իրականացուեցաւ Հայաստանի Գրողներու միութեան նախաձեռնութեամբ:

Եղիշէ Չարենցը ծնած է 1897 թուականի Մարտի 13-ին: 1908-1912 թուականներուն ուսանած է Կարսի հայկական, ապա ռուսական ուսումնարաններու մէջ, այնուհետեւ՝ Մոսկուայի Շանիավսքիի անուան ժողովրդական համալսարանէն ներս: 1922-ին որպէս ազատ ունկնդիր ընդունուած է Վ. Պրիւսովի հիմնած Գեղարուեստական գրականութեան բարձրագոյն կաճառէն ներս, բայց չէ աւարտած:

Յեղափոխութեամբ ոգեւորուած՝ Չարենցը Ռուսաստանի մէջ մասնակցած է քաղաքացիական կռիւներուն, իսկ Հայաստանի մէջ՝ 1920-ին՝ Մայիսեան, 1921-ին՝ Փետրուարեան ապստամբութիւններուն: 1920-ին Հայաստանի մէջ աշխատած է որպէս արուեստի բաժնի վարիչ:

1922 թուականին Գէորգ Աբովի եւ Ազատ Վշտունիի հետ համատեղ «Երեքի դեկլարացիան» հրապարակելէ յետոյ սկսած է Չարենցի բուռն գրական-կազմակերպչական գործունէութիւնը: 1924-1925 թուականերուն եղած է Թուրքիոյ, Իտալիոյ, Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ: 1925-ի կէսերուն ղեկավարած է «Նոյեմբեր» գրական խմբակցութիւնը: 1928-1935 թուականներուն աշխատած է Հայաստանի մէջ՝ լոյս ընծայելով հայ դասական եւ ժամանակակից գրականութեան բարձրարժէք նմոյշներ:

1935-ի Փետրուարին Չարենցի դէմ սկսած են քաղաքական հալածանքներ: 1937-ի Յուլիսին բռնադատուած է, Նոյեմբերի 27-ին՝ մահացած է Երեւանի բանտի հիւանդանոցին մէջ: Արդարացուած է յետմահու:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2017