ՊԱՏԿԱՌԵԼԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆ

Հայաստանի Ազգային ակադեմական երգչախումբը ներկայիս կը նշէ իր հիմնադրութեան 80-ամեակը։ Սա պատկառելի յոբելեան մըն է, որու առթիւ երգչախումբը երէկ երեկոյեան հանդիսաւոր համերգով մը հանդէս եկաւ Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս։ 80-ամեակի համերգին ընդառաջ, Հայաստանի Ազգային ակադեմական երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար ու գլխաւոր խմբավար մաէսթրօ Յովհաննէս Չեքիճեան, տնօրէն Դաւիթ Թէրզեան եւ Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան համատեղ մամլոյ ասուլիս մը սարքեցին Երեւանի մէջ։ Յովհաննէս Չեքիճեան այս առթիւ ըսաւ. «Կատարելութիւնը հորիզոնի նման փախուստ կու տայ մեզմէ»։

1938 թուականին հիմնուած երգչախումբը 1961 թուականի Սեպտեմբերէն ի վեր կը ղեկավարէ Յովհաննէս Չեքիճեան։ Խումբի երգացանկը հարուստ է՝ յագեցած դասական երաժշտութեան յառաջատար անուններու գործերով։ Հայ դասական երաժշտութեան մեծերու ստեղծագործութիւններն ալ մաս կը կազմեն այդ երգացանկին։ Երգչախումբը ձայնագրած է Եկմալեանի եւ Կոմիտասի պատարագներու սկաւառակները։ Ցայսօր բազմաթիւ կոչումներու, մրցանակներու եւ պարգեւներու արժանացած է խումբը։

57 տարիէ ի վեր երգչախումբի ղեկը վարած Յովհաննէս Չեքիճեան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին մատնանշեց, որ խումբը իր ղեկավարութեան 10-ամեակներուն շուրջ հազար համերգով հանդէս եկած է միայն արտասահմանի մէջ։ Ան ըսաւ. «Որքան իմ տարիքը կը յառաջանայ, այնքան կը հասկնամ կատարելութիւն չկայ մեր գործին մէջ։ Կատարելութիւնը հորիզոնի նման փախուստ կու տայ մեզմէ։ Միշտ գոյութիւն ունի լաւէն լաւը։ Մեկնաբան ըլլալը յատուկ է այն մարդոց, որոնք ունին ձեռագիր։ Ուրիշ վարիչ ուրիշ ձեռագիր կ՚ունենայ՝ կամ աւելի լաւ կամ ալ աւելի վատ կ՚ըլլայ, բայց իմը երբեք չըլլար։ Իմ ձեռագիրը ուրիշ է։ Ինձմէ առաջ կար շատ խոշոր վարպետ մը՝ Արամ Տէր-Յովհաննիսեան, որ շատ մեծ գիտակ մըն էր խմբերգային արուեստի։ Արմատացած կարծիք կար, թէ հնարաւոր չէ զինքը գերազանցել… Այդ դժուարութիւնը ես ունեցած եմ»։

Պատասխանելով հարցումի մը Չեքիճեան յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ խմբերգային արուեստի զարգացման համար անհրաժեշտ են նիւթական միջոցներ։ «Դժբախտաբար, այժմ ընդհանրապէս ամէն ինչ նիւթականացուած է։ Որ կողմը նայիս՝ գումար պէտք է։ Իսկ գումարը այնպիսի բան մըն է, որ տուողի համար միշտ շատ է, ստացողի համար քիչ», աւելցուց Չեքիճեան։

Ուրիշ հարցումի մը պատասխանելով մաէսթրոն յայտնեց, որ երգչախումբը կ՚աշխատի՝ որպէսզի իր ունկնդիրը փոխուած դուրս գայ համերգէն։ «Մեր ունկնդիրը պէտք է հոգեպէս սրբուած, մաքրուած ըլլայ», ըսաւ ան։ 

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2017