ՊԱՏԿԱՌԱԶԴՈՒ ԵՒ ՈԳԵՒՈՐ

Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ երեկոյեան Ֆէրիգիւղի մէջ մասնակցեցաւ ժողովրդական հանդիպումի մը։ Շաբաթավերջի պատրիարքական ընտրութեան ընդառաջ ան իր վերջին պատգամները փոխանցեց մեր այս ամենահայահոծ թաղին մէջ։ Իսկապէս պատկառազդու եւ ոգեւոր հաւաքոյթ մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին նորին սրբազնութեան կողքին էին Մանիշակագոյն շարժման կողմէ Ֆէրիգիւղէն առաջադրուած պատգամաւորի թեկնածուները, այլ թաղերու պատգամաւորի թեկնածուներ, համախոհներ, համակիրներ եւ հիւրեր։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ ողջունեց երեկոյթի մասնակիցները, որոնց փոխանցեց իր օրհնութիւնը։ Հաւաքոյթը սկսաւ Մանիշակագոյն շարժումի ներկայացուցիչներէն Տքթ. Թագւոր Անանի խօսքով, որու ընթացքին ան ընդգծեց շարք մը յատկանշական հարցումներ, որոնց պատասխանը էական նշանակութիւն կը ներկայացնէ պատրիարքական ընտրութեան տեսակէտէ։ Աւելի վերջ լրագրող-հրապարակագիր Արա Գօչունեան նախընտրական գործընթացի ներկայ վերջընթեր փուլին շուրջ հանդէս եկաւ խորհրդածութիւններով։ Ապա ներկաներուն դիմեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Ան նախ խօսեցաւ ներածական մը, որու ընթացքին զգուշացումներով հանդէս եկաւ մեր համայնքէն ներս այս շրջանին յառաջացած խտրականութիւններուն դէմ։ Պաղարիւնութեան ու միասնականութեան կոչերը կրկնելէ վերջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան պատասխանեց ներկաներուն կողմէ իրեն ուղղուած հարցումներուն։ Մինչ այդ, ներկաները բուռն ծափահարութիւններով խրախուսեցին Մանիշակագոյն շարժման կողմէ առաջադրուած պատգամաւորի թեկնածուները։

Յայտագրի գործադրութենէն վերջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին եւս Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ջերմօրէն շրջապատուեցաւ ներկաներուն կողմէ եւ այս փուլին եւս շարունակուեցաւ անմիջական զրոյցը։ 

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2019