Տ. ՍԵՊՈՒՀ ԱՐՔԵՊՍԿ. ՉՈՒԼՃԵԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ՎԵՐՋԻՆ ԿՈՉ

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան ընդառաջ երէկ մեր ժողովուրդին ուղղեալ կոչով մը հանդէս եկաւ Հայաստանէն՝ Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան։ Ինչպէս ծանօթ է, ան թեկնածու էր պատրիարքի պաշտօնին համար, սակայն կանոնադրութեան մէջ նախատեսուած սահմանափակումներուն պատճառով դուրս մնաց ընտրութեան գործընթացէն։

Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան այս վերջին յայտարարութեան մէջ դարձեալ քննադատութիւններով հանդէս եկած է վերջին 12 տարիներու իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ։ Այդ բոլորի լոյսին տակ ան ընդգծած է հետեւեալը.

«Պատրիարքի թեկնածու իմ սրբազան եղբայրներուն դարձեալ կոչ կ՚ուղղեմ առաջնորդուիլ միասնականութեամբ քրիստոնէական սիրոյ եւ համայնքային շահերու կարեւորման տրամաբանութեամբ»։ 

Նորին սրբազնութեան խօսքով՝ ո՛վ որ ընտրուի պատրիարք, պէտք է անդուլ ջանք գործադրէ՝ վայելելու համար աշխարհով մէկ սփռուած թրքահայութեան սէրն ու ակնածանքը, դառնալու համար անոնց բոլորի ազգընտիր առաջնորդը, յուսալի պատրիարքը եւ խնամարկու հայրը։ Ան յոյս յայտնած է, թէ ընտրուելիք պատրիարքը ականջալուր կ՚ըլլայ իր եւ իր նմաններու անհանգստութեան, մտահոգութեան եւ աւելի լաւը տեսնելու ցանկութենէն բխած խորհուրդներուն, յորդորներուն եւ նկատառումներուն։

«Առաջնորդուելով քրիստոնէական ներողամտութեամբ՝ ես կը ներեմ բոլոր անոնց, որոնց պատճառով խլուեցաւ իմ իրաւունքը։ Թող Աստուած ըլլայ բոլորիս դատաւորը։ Մնացէք խաղաղութեամբ», նշուած է Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեանի յայտարարութեան մէջ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2019