ԼԱՒՐՈՎ-ՊԱՅՐԱՄՈՎ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Մոսկուայի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ Կասպից ծովու ափակից երկիրներու՝ Ռուսաստանի, Իրանի, Ղազախիստանի, Թիւրքմենիստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումը։ Հնգակողմանի հանդիպման համար Մոսկուայի մէջ է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով, որ այս առաւօտ հիւրընկալուեցաւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի կողմէ։

Լաւրով Պայրամովի հետ տեսակցելէ վերջ յայտարարեց, որ Հարաւային Կովկասի համար նախատեսուած «3+3» տարածաշրջանային հարթակը արդէն կը ձեւաւորուի եւ հետզհետէ աւելի խոստմնալից կը դառնայ։ Լաւրով աւելցուց նաեւ, որ Մոսկուա-Պաքու յարաբերութիւնները վերելք կ՚ապրին։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2023