ՄԱԿ-Ը ՁԱԽՈՂԱԾ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Կազզէն Պաղեստինի տարածքն է ու յաւերժ պիտի պատկանի պաղեստինցիներուն։ Իր խօսքով՝ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու պիտի դատուի՝ Սերպիոյ նախկին ղեկավար Միլոսեւիչի նման։

Նախագահ Էրտողան երէկ Քաթար մեկնելէ առաջ Իսթանպուլի մէջ ելոյթ մը ունեցաւ՝ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան առեւտրատնտեսական մշտական կոմիտէի ժողովին ընթացքին։ Էրտողան ահանզանգ հնչեցուց, որ վեց օր տեւած հրադադարէն վերջ, դեկտեմբերի 1-ի դրութեամբ պատերազմը դարձեալ սկսած է։ Իսրայէլ կը թիրախաւորէ քաղաքային բնակչութիւնն ու բնակավայրերը։ Պաղեստին աւելի քան 16 հազար նահատակ ունի եւ վիրաւորեալներու թիւն ալ 36 հազարի սահմանը գերազանցած է։ Կազզէի իւրաքանչիւր 3 նահատակէն 2-ը կիներ կամ երեխաներ կ՚ըլլան։ Կորսուածներու թիւն ալ 6500-ի սահմանը կը գերազանցէ։ Էրտողանի խօսքով՝ այնպիսի պատկեր մը ստեղծուած է, որ նոյնիսկ համաշխարհային անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը պաշտպանելու հետամուտ ՄԱԿ-ը Իսրայէլի բարբարոսութիւններէն չի կրնար զերծ պահել իր իսկ աշխատակիցները։

Նախագահ Էրտողան շեշտեց, որ ՄԱԿ՝ որպէս կառոյց ձախողած է Կազզէի քննութեան մէջ։ Ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի անկեղծ ջանքերը դժբախտաբար խափանարարուած են՝ նոյնինքն Անվտանգութեան խորհուրդի երկիրներուն կողմէ։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովէն ներս 121 ձայնով հաւանութեան արժանացած որոշումը արժէքաւոր քայլ մըն էր՝ մարդկութեան խղճին թարգման հանդիսանալու առումով։ Բայց եւ այնպէս, ՄԱԿ-ի առկայ կառուցուածքին հետեւանքով այդ որոշումը մնաց օդին մէջ։ Որեւէ ազդեցութիւն չունեցաւ, որպէսզի առկայ արիւնահոսութիւնը կասեցուի։ 40 ձեռնպահ քուէով միասին՝ 161 երկրի կամքը առ ոչինչ համարուեցաւ։ Միայն այս պատկերը անգամ բաւարար է ապացուցանելու համար, թէ երկու միլիառնոց մահմետական աշխարհը ինչպիսի ճնշումի մը տակ առնուած է։ Էրտողան յայտնեց, որ 3-5 երկիր բացայայտօրէն կը պաշտպանէ Իսրայէլը եւ համաշխարհային մեքենան շարժման կ՚անցնի միայն այն ատեն, երբ անոնք հաւանութիւն տան։

Էրտողան այս յայտարարութիւններէն վերջ մեկնեցաւ Տոհա, ուր հիւրընկալուեցաւ Քաթարի էմիր Շէյխ Թամիմ պին Համատ ալ Սանիի կողմէ։ Երկու ղեկավարներուն գլխաւորութեամբ տեղի կ՚ունենայ Թուրքիա-Քաթար ռազմավարական բարձր կոմիտէի 9-րդ ժողովը։

Միւս կողմէ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանն ալ կը պատրաստուի յառաջիկայ շաբաթ այցելել Ուաշինկթըն, ուր Արաբական լիկայի եւ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամներուն հետ պիտի տեսակցի ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Անգարայի կողմէ յղացուած՝ երաշխաւորներու դրութիւն մը հաստատելու ուղղեալ առաջարկը կը շարունակէ մնալ օրակարգի վրայ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2023