ՈՒՍԹԱՊԱՇԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ԹԵԿՆԱԾՈՒ

Այս հինգշաբթի նախատեսուած է Վաքըֆներու խորհուրդի նոր կազմին ընտրութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան այս կարեւոր կառոյցին մէջ կը գտնուի անդամ մը, որ կը ներկայացնէ երկրի ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆները։ Ուրեմն, այս հինգշաբթի պիտի ընտրուի նաեւ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչը։

Կը տեղեկանանք, որ Վաքըֆներու խորհուրդէն ներս փոքրամասնութեանց այժմու ներկայացուցիչը՝ Ճան Ուսթապաշը վերստին առաջադրած է իր թեկնածութիւնը՝ պաշտօնավարութիւնը շարունակելու համար։ Փոքրամասնական համայնքներուն միջեւ փոխադարձ ըմբռնում գոյացած է, որպէսզի այդ պաշտօնը ստանձնելիք անձը ընտրուի հերթականութեամբ։ Ուստի, այժմ ասորի համայնքէն Ճան Ուսթապաշը որոշած է այդ պաշտօնին գլուխը մնալ եւ փոքրամասնական համայնքներն ալ, ըստ երեւոյթին, հաւանութիւն տուած են։ Պահեստի անդամի կարգավիճակին համար առաջադրուած է՝ յոյն համայնքէն իրաւաբան Միխայիլ Փիւսքիւլօղլուի թեկնածութիւնը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2023