ՍԱՀՄԱՆԻ ՎՐԱՅ ԴԷՊՔ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանէն երէկ դարձեալ անհանգստացուցիչ լուրեր հասան։ Ատրպէյճանի բանակի դիպուկահարին կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով՝ սահմանի Վայոց Ձորի մարզի հատուածին մէջ նահատակուեցաւ Հայաստանի բանակէն Կերասիմ Առաքելեան։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստօրէն դատապարտեց Ատրպէյճանի՝ նոր մագլցում հրահրելու, խաղաղութեան գործընթացը ձգձգելու եւ փակուղիի մատնելու հետամուտ այս գործողութիւնները։ Ըստ նախարարութեան յայտարարութեան, սահմանին վրայ նման սադրանք իրականացնելով, ինչպէս նաեւ զանազան միջազգային դերակատարներու՝ բանակցութիւնները շարունակելու առաջարկները շարունակաբար մերժելով՝ Պաքու կը փորձէ ձգձգել խաղաղութեան գործընթացը եւ զայն մատնել փակուղիի։

Երեւան երէկ պաշտօնապէս տեղեկացուց նաեւ, որ Պաքու տակաւին չէ ներկայացուցած՝ խաղաղութեան պայմանագրին վերաբերեալ իր վերջին առաջարկներուն պատասխանը։ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ հերքեց այս լուրերը եւ ապատեղեկատուութիւն որակեց զանոնք։

Իր կարգին, Հարաւային Կովկասի գծով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարն ալ մտահոգութիւն յայտնեց սահմանի կրակոցներուն եւ զոհի վերաբերեալ տեղեկութիւններուն համար։ Ան տեղեկացուց, որ Պրիւքսել մշտապէս կապի մէջ է Պաքուի եւ Երեւանի հետ։ Քլաար համոզուած է, թէ կողմերուն մօտ հանգստութիւն պէտք է տիրէ եւ անոնք բանակցային սեղանի շուրջ վճռական յառաջընթաց պէտք է արձանագրեն։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2023