ՍԻՍԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐ

Արձակագիր ու բանաստեղծ Արմենուհի Սիսեան արժանացած է «Sahito International Literature Award 2023» գրական միջազգային մրցանակին։ Իրեն շնորհուած է այս տարուան դատակազմի մրցանակը՝ արձակի գծով։

2020 թուականէն ի վեր կը կազմակերպուի այս գրական միջազգային մրցանակաբաշխութիւնը։ Մրցանակները ներկայացուած են հինգ անուանակարգերու մէջ, որոնց դափնեկիրները դարձած են Վենեզիւէլայէն, Պելժիայէն, Իտալիայէն, Ալպանիայէն, Պուլկարիայէն, Չինաստանէն, Հնդկաստանէն, Սէուտական Արաբիայէն, Մակեդոնիայէն եւ Հայաստանէն գրողներ։

Այս մրցանակաբաշխութեան դիմելու համար, բացի գրական ստեղծագործութենէն, անհրաժեշտ եղած է գրական կենսագրութեան վերաբերեալ մանրամասն յայտնել, առնուազն երկու տպագրուած գիրք ունենալ եւ երկու երաշխաւորագիր ներկայացնել։ Արմենուհի Սիսեան դատակազմի մրցանակին արժանացած է՝ իր «Կինը» պատմուածքով։ Ան ընկերային ցանցերու վրայ տեղեկացուցած է, որ մրցանակը կը նուիրէ Արցախին։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2023