ՍՊԻՏԱԿ ՏԱՆ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, որ կ՚այցելէ Ուաշինկթըն, երէկ, Սպիտակ տան մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճէյք Սալըվընի հետ։ Անոնք անդրադարձան տարածաշրջանի անվտանգային իրավիճակին եւ այս ամբողջին մէջ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերուն։ Արմէն Գրիգորեան ընդգծեց Երեւանի յանձնառութիւնը խաղաղութեան գործընթացը շարունակելու ուղղութեամբ։ Քննարկուեցան նաեւ անվտանգութեան ու տնտեսութեան ոլորտներու պարագային փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ հարցեր, բարձր գնահատուեցաւ Հայաստան-ԱՄՆ յարաբերութիւններու կայուն զարգացման թափը։

Ուաշինկթընի մէջ Արմէն Գրիգորեան այցելեց նաեւ Փենթակոն, ուր ընդունուեցաւ ԱՄՆ-ի պաշտպանութեան նախարարի փոխ-տեղակալ Լաուրա Քուփերի հետ։

Ամերիկեան վարչախումբէն պաշտօնատար մըն ալ յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ Ատրպէյճան։ Այսպէս, ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով օգնական Ճէյմս Օ՚Պրայըն վաղը պիտի մեկնի Պաքու։ Իր ուղեւորութեան նպատակն է աջակցիլ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան։ Հարկ է նշել, որ ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտի վերջին յայտարարութիւնները Պաքուի բողոքին պատճառ դարձած էին։

Միւս կողմէ, ԱՄՆ-ի քոնկրէսէն ներս կոչ ուղղուեցաւ, որպէսզի 10 միլիոն տոլար արժողութեամբ անվտանգութեան աջակցութիւն տրամադրուի Հայաստանին, նաեւ օգնութիւն՝ Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանեալներուն համար։ Այս կոչը ստորագրուած է 60 քոնկրէսականներու կողմէ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2023