ԵՐԿՈՒ ԱՄԻՍ ԿԱԼԱՆՔ

Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ հրա­դա­դա­րի խախ­տում­ներն ու լա­րուա­ծու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կուին։ Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րուն կող­մէ Թա­լի­շի ուղ­ղու­թեամբ կա­տա­րուած վեր­ջին ներ­թա­փանց­ման փոր­ձին ըն­թաց­քին գե­րե­վա­րուած զի­նուո­րը՝ Էլ­նուր Հիւ­սէ­յին­զա­տէ կա­լա­նա­ւո­րուե­ցաւ եր­կու ա­մի­սով։ Շա­բա­թա­վեր­ջին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ընդ­հա­նուր ի­րա­ւա­սու­թեան ա­տեա­նի դա­տա­րա­նը ար­ձա­կեց հա­մա­պա­տաս­խան վճի­ռը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ստա­նա­լով նա­խաքն­նու­թեան մարմ­նի միջ­նոր­դու­թիւ­նը՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի քրէա­կան օ­րէնսգր­քի տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րուն հա­մա­ձայն, Էլ­նուր Հիւ­սէ­յին­զա­տէ կա­լա­նա­ւո­րուե­ցաւ եր­կու ամ­սուան ժամ­կէ­տով։ Դա­տա­վա­րու­թիւ­նը կա­տա­րուե­ցաւ դռնփակ՝ մե­ղադ­րեա­լին, իր պաշտ­պա­նին ու թարգ­մա­նի­չին մաս­նակ­ցու­թեամբ։

Միւս կող­մէ, Կար­միր խա­չի միջ­նոր­դու­թեամբ, շա­բա­թա­վեր­ջին հայ­կա­կան կող­մը Ատր­պէյ­ճա­նին վե­րա­դար­ձուց ա­զէ­րի զի­նուո­րին դին, որ մի­ջո­ցէ մը ի վեր ի պահ դրուած էր իր մօտ՝ ար­ձա­գանգ ստեղ­ծե­լով նաեւ մի­ջազ­գա­յին հար­թու­թեան վրայ։ 

Երկուշաբթի, Փետրուար 6, 2017