Հայկական Գինիները «Փրոտ Էքսփօ-2017»ին

Հա­յաս­տա­նի Խա­ղո­ղա­գոր­ծու­թեան եւ գի­նե­գոր­ծու­թեան հիմ­նադ­րա­մին ա­ջակ­ցու­թեամբ՝ Փետ­րուա­րի 6-10 թուա­կան­նե­րուն մի­ջեւ Մոս­կուա­յի մէջ կա­յա­նա­լիք «Փրոտ Էքս­փօ-2017» մի­ջազ­գա­յին ցու­ցա­հան­դէ­սին, մէկ միաս­նա­կան տա­ղա­ւա­րով պի­տի մաս­նակ­ցին տաս­ներ­կու հայ­կա­կան գի­նե­գոր­ծա­կան ըն­կե­րու­թիւն­ներ, ո­րոնք պի­տի ներ­կա­յաց­նեն ա­ւե­լի քան յի­սուն տե­սակ հան­գիստ եւ փրփրուն գի­նի:

Ցու­ցա­հան­դէ­սին մաս­նակ­ցու­թեան հիմ­նա­կան նպա­տակն է՝ ար­տերկ­րեայ գնոր­դին ներ­կա­յաց­նել հայ­կա­կան գի­նին եւ ընդ­լայ­նել սպառ­ման շու­կա­նե­րը:

Հա­յաս­տա­նի Գիւ­ղատն­տե­սու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան հա­սա­րա­կայ­նու­թեան հետ կա­պե­րու բա­ժ­­նէն յայտ­նուած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով՝ «Փրոտ Էքս­փօ-2017» ցու­ցա­հան­դէ­սը մէկ յար­կի տակ կը հիւ­րըն­կա­լէ  ար­տադ­րող­նե­րը, խո­շոր եւ ման­րա­ծախ գնորդ­նե­րը, վե­րամ­շակ­ման հա­մար անհ­րա­ժեշտ հումք եւ սար­քեր ար­տադ­րող­նե­րը, որ հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ՚ըն­ձեռ­նէ նոր գոր­ծա­րար կա­պեր հիմ­նե­լու, ինչ­պէս նաեւ ծա­նօ­թա­նա­լու վե­րամ­շակ­ման նո­րա­գոյն ճար­տա­րա­գի­տու­թիւն­նե­րուն եւ հա­մաշ­խար­հա­յին շու­կան­նե­րու հիմ­նա­կան մի­տում­նե­րուն:

Երկուշաբթի, Փետրուար 6, 2017