ՄԱՐԶԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼԻՐ

Ե­րե­ւա­նի ա­րուար­ձան­նե­րէն Դաւ­թա­շէ­նի մէջ կա­ռու­ցուած է Reebok մար­զա­կան ա­կում­բը։ Ըն­դար­ձակ հա­մա­լիր մըն է այս մէ­կը, որ­մէ ներս մարմ­նա­մար­զի զա­նա­զան ճիւ­ղե­րուն հա­մար կ՚ըն­ձե­ռուին հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ։ Ներ­կա­յիս կը շա­րու­նա­կուի հա­մա­լի­րի ներ­քին աշ­խա­տան­քը՝ յար­դա­րան­քէն մին­չեւ կա­հա­ւո­րում, ո­րոնց պի­տի յա­ջոր­դէ մար­զա­կան սար­քա­ւո­րում­նե­րու տե­ղադ­րու­մը։

Շա­բա­թա­վեր­ջին Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան շրջայց մը կա­տա­րեց այս հա­մա­լի­րէն ներս, Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պետ Տա­րօն Մար­գա­րեա­նի ու­ղեկ­ցու­թեամբ։ Ան այս ա­կում­բի­հիմ­նա­դիր­նե­րուն եւ ղե­կա­վար­նե­րուն ու­ղեկ­ցու­թեամբ ծա­նօ­թա­ցաւ կա­տա­րուած աշ­խա­տան­քի ար­դիւն­քին։

Մի­ջազ­գա­յին չա­փա­նի­շնե­րու հա­մա­պա­տաս­խան այս հա­մա­լի­րին բա­ցու­մը նա­խա­տե­սուած է յա­ռա­ջի­կայ Ապ­րի­լին։ Այս ծրագ­րին ընդ­հա­նուր ար­ժէ­քը կը կազ­մէ 23 մի­լիոն եւ­րօ եւ այդ գու­մա­րին շուրջ 19.5 մի­լիո­նը ար­դէն ներդ­րուած է։ Տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս Reebok ա­մե­նա­մեծ մարմ­նա­մար­զի ա­կումբն է, որ հիմ­նուած է այդ աշ­խար­հահռ­չակ վա­ճա­ռա­նի­շին հետ կնքուած ֆրան­չայ­զին­կի պայ­մա­նագ­րի մը հի­ման վրայ։ Ա­կում­բը ու­նի հնա­րա­ւո­րու­թիւն՝ տա­րե­կան շուրջ 15 հա­զար մշտա­կան յա­ճա­խոր­դի սպա­սար­կե­լու։ Այս հա­մա­լի­րէն ներս այլ եր­կու աշ­խար­հահռ­չակ ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցուց­չու­թիւն­ներն ալ պի­տի գոր­ծեն։

Ներդ­րու­մա­յին ծրագ­րի շրջա­նակ­նե­րէն ներս կը նա­խա­տե­սուի ստեղ­ծել նաեւ վնա­սուածք­նե­րով ար­հես­տա­վարժ մար­զիկ­նե­րու եւ ոչ-ար­հես­տա­վարժ­նե­րու հա­մար վե­րա­կանգն­ման մար­զա­կան կեդ­րոն մը՝ օժ­տուած այս ո­լոր­տի նո­րա­գոյն սար­քա­ւո­րում­նե­րով։ 

Երկուշաբթի, Փետրուար 6, 2017