Քայլերթ՝ Ս. Սարգիսի Տօնին Առթիւ

«Սի­րոյ եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան տօ­նի առ­թիւ Փետ­րուա­րի 11-ին Ա­րա­րա­տեան Հայ­րա­պե­տա­կան Թե­մը՝ ա­ռանց տա­րի­քա­յին սահ­մա­նա­փակ­ման, կը հրա­ւի­րէ բո­լո­րը մեծ շու­քով նշե­լու Սուրբ Սար­գի­սի տօ­նը, որ­պէս­զի Ե­րե­ւա­նը զար­դա­րուի սի­րոյ հայ­կա­կան ե­րանգ­նե­րով», այս մա­սին կը տե­ղե­կաց­նէ Qahana.am-ը՝ իր ֆէյս­պու­քեան է­ջին մէջ:

Փետ­րուար 11-ին՝ ժա­մը 10.30-ին, Սուրբ Սար­գիս զօ­րա­վա­րի տօ­նին առ­թիւ Ա­րա­րա­տեան Հայ­րա­պե­տա­կան Թե­մի՝ սուր­բի ա­նու­նը կրող ե­րեք ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ պի­տի մա­տու­ցա­նուի Ս. Պա­տա­րագ եւ պի­տի կա­տա­րուի ե­րի­տա­սարդ­նե­րու օրհ­նու­թեան յա­տուկ կարգ:

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծի­նէն Ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ Ս. Սար­գիս ե­կե­ղե­ցի պի­տի բե­րուի սուր­բի մա­սուն­քա­կիր ա­ջը եւ 17-րդ դա­րուն այս ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ըն­դօ­րի­նա­կուած ձե­ռա­գիր Ա­ւե­տա­րա­նը:

Ս. Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին Ա­րա­րա­տեան Հայ­րա­պե­տա­կան Թե­մի Ա­ռաջ­նոր­դա­կան Փո­խա­նորդ Տ. Նա­ւա­սարդ Արք. Կճո­յեա­նի նա­խա­գա­հու­թեամբ պի­տի օրհ­նուին եւ կը պար­գե­ւատ­րուին ա­ռաջ­նա­գի­ծին վրայ ծա­ռա­յու­թեան ըն­թաց­քին ա­ռա­ւել աչ­քի ին­կած զի­նուոր­նե­րը:

Ժա­մը 14.30-ին՝ Ս. Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին, ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ Ս. Սար­գիս ե­կե­ղեց­ւոյ մօտ միա­նալ ա­ւան­դա­կան խա­չեր­թին՝ դէ­պի Սի­րա­հար­նե­րու պու­րակ:

ժա­մը 15.30-ին՝ Սի­րա­հար­նե­րու պու­րա­կին մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ա­ւան­դա­կան մեծ տօ­նա­կան հա­մերգ: Չմոռ­նաք ձեր սի­րե­լի մար­դոց ը­սել ա­մե­նա­կա­րե­ւո­րը՝ «Կը սի­րեմ ձեզ»:

Ս. Սար­գի­սի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը կ՚ի­րա­կա­նա­ցուի Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի բարձր հո­վա­նիին ներ­քոյ:

Այս տօ­նա­կա­տա­րու­թեան կար­գա­խօսն է՝ «Սի­րոյ ուժն է ան­յաղթ»:

Երկուշաբթի, Փետրուար 6, 2017