ԱՆԳԱՐԱ ԿԸ ՁԳՏԻ ՆՈՐ ԷՋ ՄԸ ԲԱՆԱԼ ԵՄ-Ի ՀԵՏ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտնեց, որ ժամանակը եկած է՝ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն մէջ նոր էջ մը բանալու համար։ Ըստ իրեն, Թուրքիա-ԵՄ յարաբերութիւնները շատ նուրբ շրջանէ մը կ՚անցնին եւ երկու կողմերուն մօտ ալ կը խորանայ անվստահութիւնը։ Նախարարին համոզմամբ, Թուրքիա-ԵՄ յարաբերութիւնները պէտք չէ իջեցուին՝ անդամակցութեան բանակցութիւններէ դուրս մնացած նիւթերու մակարդակին։  Ան կոչ ուղղեց, որպէսզի Թուրքիոյ ԵՄ-ի անդամակցութեան գործընթացէն ներս նոր էջ մը բացուի։

Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Անգարայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու դեսպաններուն հետ։ Բաց աստի, ան նամակ մը ուղարկեց ԵՄ-ի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութիւններու գծով գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելին։ Այդ նամակին մէջ յստակ ձեւով բանաձեւուած է՝ Եւրոմիութեան ուղղեալ Թուրքիոյ տեսլականը։ Ըստ Չավուշօղլուի, ԵՄ-ի խորհուրդի ժողովները, բարձր մակարդակի շփումներն ու երկխօսութիւնը, նաեւ Գործընկերութեան խորհուրդի ժողովներու առկախման որոշումը պէտք է ենթարկուին վերատեսութեան։ ԵՄ-ի շրջանային նախագահ երկրին՝ Խրուաթիոյ այս ուղղութեամբ շինիչ մօտեցումը նկատելի է։

Չավուշօղլու դիտել տուաւ, որ արեւելեան Միջերկրականէ ներս կազի որոնումները, «Խաղաղութեան ակ» գործողութիւնը եւ Լիպիոյ պարագային ԵՄ-ի կողմէ առնուած որոշումները լարուածութիւն յառաջացուցած են Թուրքիա-ԵՄ յարաբերութիւններուն մէջ։ Մինչդեռ, խնդրայարոյց այս նիւթերուն շուրջ հաղորդակցութիւնը պէտք է ամրապնդը-ւի։ Բնական կազի որոնումները միայն Թուրքիոյ եւ Եւրոմիութեան չեն վերաբերիր։ Սա Միջերկրականի արեւելքի բոլոր երկիրներուն վրայ ազդեցութիւն կը գործէ։ Ըստ Չավուշօղլուի, եթէ ԵՄ անկողմնակալ դիրքորոշում մը որդեգրէ, ապա կարելի է աշխատիլ հասնելու համար դրութեան մը, որով Կիպրոսի թուրքերու համահաւասար իրաւունքներն ալ կրնան երաշխաւորուիլ։ Մինչդեռ, եթէ Կիպրոսի մէջ թուրքերու գոյութեան ուրացումը շարունակուի, ապա Թուրքիա պիտի փոխադարձէ ԵՄ-ի կողմէ առնուելիք իւրաքանչիւր ժխտական քայլին։ Այդ պարագային լարուածութիւնը ա՛լ աւելի պիտի բարձրանայ, մինչդեռ, ըստ Չավուշօղլուի, միասնաբար պէտք է առնել քայլեր, որոնք լարուածութիւնը պիտի նուազեցնեն։ 

Հինգշաբթի, Փետրուար 6, 2020