ԳԾԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՍԻՐՈՒՆ ՇԱՐՔ

Նկարիչ Լեւոն Լաճիկեան ներկայիս գեղարուեստասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է «Հայկական եկեղեցիներ» խորագրեալ գծանկարներու շարք մը։ Հետաքրքրական շարք մըն է այս մէկը, որու մաս կը կազմեն հայկական ամենայատկանշական սրբավայրերու գծանկարները, որոնք ամփոփուած են տուփի մը մէջ։ Լեւոն Լաճիկեան, իրականութեան մէջ, իւրաքանչիւր սրբավայրի պարագային բացիկ մը պատրաստած է, սակայն իր ստեղծագործութիւնները հարիւր տոկոսով այդպէս ալ չեն բնորոշուիր, որովհետեւ իւրաքանչիւր սրբավայրի պարագային կան հայերէնով եւ անգլերէնով պատմական բացատրութիւններ։ Իր գծանկարած սրբավայրերը մեծաւ մասամբ կը գտնուին Հայաստանի կամ Արցախի մէջ, սակայն Լեւոն Լաճիկեանի գծանկարները կը ցոլացնեն նաեւ Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցին, Անիի Տիգրան Հոնենց եկեղեցին, Սպահանի Ս. Ամենափրկիչ վանքը, Փարիզի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Մայր եկեղեցին, Նիւ Եորքի Ս. Վարդան Մայր տաճարը եւ Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարը։

Լեւոն Լաճիկեանի այս գործի առանձնայատկութիւնն է, որ ան հետաքրքրական է թէ՛ իր ցոլացուցած ամբողջով եւ թէ իւրաքանչիւր դրուագով։

Հինգշաբթի, Փետրուար 6, 2020