BBC ՀԱՂՈՐԴՈՒՄ ՄԸ ՀԵՌԱՐՁԱԿԵՑ ԳԱԼՈՒՍՏ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆԻ ՄԱՍԻՆ

Անգլիական BBC-ն հեռարձակեց հաղորդում մը՝ ձօնուած ազգային բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանի յիշատակին։ Ձայնասփիւռի միջոցաւ այս ծրագրին հեռարձակումը համընկնեցաւ Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծննդեան 150-ամեակի ներկայ յոբելենական շրջանին։ Հաղորդավար Ռաճան Տաթար այս ծրագրին մասնակցելու հրաւիրած էր Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծոռնորդին Մարթին Էսաեանը, գործարարութեան պատմութեան մասնագէտ Փրոֆ. Ճաստ Եոնքէրը եւ պատմաբան Ճոնաթան Քոնլինը, որ Կիւլպէնկեանի նոր կենսագրութեան հեղինակն է։ Հաղորդավարն ու ծրագրի մասնակից հիւրերը քննարկեցին Կիւլպէնկեան ընտանիքի ազդեցութիւնը Իսթանպուլի մէջ ծաւալուած աշխատանքի միջոցաւ նաւթի արտահանման զարգացման վրայ։ Ճաստ Եոնքէր դիտել տուաւ, որ Կիւլպէնկեաններու ընտանիքը կը զբաղէր Իսթանպուլի եւ Ֆրանսայի, Անգլիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ միջազգային մակարդակի առեւտուրով։

Մարթին Էսաեան հաղորդման ընթացքին նշեց, որ գործարարութեան զարգացման վրայ առաջին հերթին ազդած են իր Նուարդ մեծ մօր «սէրն ու համբերութիւնը»։ Յայտագրի ընթացքին Մարթին Էսաեան ըսաւ. «Գալուստի համար այդ ամուսնութիւնը շատ շահաւէտ էր, որովհետեւ ան իր առջեւ բացաւ Իսթանպուլի առեւտրային վերնախաւին հասանելիութիւնը»։

Հաղորդավարի խօսքով, Կիւլպէնկեան փաստաթուղթեր ստուգելու սովորութիւն ունէր մոլեռանդութեան աստիճան։ «Հետաքրքրական է, որ հարսանիքէն հինգ տարի անց իր գործարարութեան մասին շատ քիչ բան յայտնի է, թէեւ այն ժամանակ ան աշխատած է եւ հաւանաբար կորսնցուցած իր առաջին միլիոնները», նշած է հաղորդավարը։

Ծրագրին տեւողութեան հիւրերը անդրադարձած են նաեւ Գալուստ Կիլպէնկեանի կիրքին՝ գեղարուեստական ստեղծագործութիւններ հաւաքելու մասին։

Չորեքշաբթի, Մարտ 6, 2019