ԳԱՀԻՐԷԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Երբ Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հարաւային Կովկասի իրադարձութիւնները հետզհետէ աւելի կապակցուած տեսք մը կը ստանան միջազգային բեմահարթակի վրայ, Երեւան-Գահիրէ առանցքին վրայ ալ նոյնաժամանակ կը նկատուի աշխուժութիւն մը։ Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պաշտօնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Գահիրէ, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Եգիպտոսի ղեկավարութեան կողմէ։ Նախագահ Ապտիւլֆեթթահ Էլ-Սիսիի հետ տեսակցութեան առընթեր, Նիկոլ Փաշինեան Գահիրէի մէջ մէկտեղուեցաւ նաեւ Եգիպտոսի վարչապետ Մուսթաֆա Մատպուլիի, Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմէտ Ապուլ Ղէյտի, ինչպէս նաեւ Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Թաւատրոս Պատրիարքին հետ։ Փաշինեանի ընկերակից պատուիրակութեան մաս կը կազմէր նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, որ, իր կարգին, հանդիպում մը ունեցաւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սեմիհ Շիւքրիի հետ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, բոլոր հանդիպումներու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հարաւային Կովկասի վերաբերեալ իրադարձութիւնները։ Այս ամբողջին մէջ առանձնայատուկ ուշադրութիւն կեդրոնացուեցաւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու ընթացքին վրայ։

Նիկոլ Փաշինեան Գահիրէի մէջ ըսաւ. «Եգիպտոս Հայաստանի վստահելի գործընկերն է՝ իսլամական աշխարհի հետ յարաբերութիւններու գծով»։ Իր խօսքով՝ Հայաստան պատրաստ է դէպի Կազզէ մարդասիրական օժանդակութիւն ուղարկելու։ Մերձաւոր Արեւելքի արիւնալի իրադարձութիւններու մթնոլորտին մէջ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ Հայաստան մշտապէս աջակցած է՝ երկու պետութիւններու սկզբունքի հիմունքով հակամարտութեան կարգաւորման, ինչ որ միջազգային հանրութեան պաշտպանած տեսակէտին կը համընկնի։

Փաշինեանի եւ Էլ-Սիսիի հանդիպման զուգահեռ ընդգծուեցաւ, որ անոնք կը կարեւորեն խաղաղութեան ու կայունութեան ամրապնդման ուղղեալ հետեւողական քայլերը։

Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութեան Գահիրէի շփումները այսօր կը հասնին իրենց աւարտին։

Չորեքշաբթի, Մարտ 6, 2024