ՀԻՆ-ՆՈՐ «ԲԱԺՆԷ՛ ԵՒ ՏԻՐԷ՛»Ն

Երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Երեւան-Մոսկուա առկայ տարակարծութիւններու մթնոլորտին մէջ արտաքին գործոց նախարարներու հեռախօսազրոյցը հանրային կարծիքի անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձաւ՝ մանաւանդ, որ անոնք շաբաթավերջին Անթալիայի մէջ կը գտնուէին, սակայն գոնէ հրապարակաւ որեւէ հանդիպում չունեցան։ Երեւանէն պաշտօնական ամփոփ հաղորդագրութիւն մը հրապարակուեցաւ այս հեռախօսազրոյցին կապակցութեամբ, իսկ Մոսկուայի աղբիւրները ոչինչ տեղեկացուցին։ Հայկական կողմը յայտնեց, որ ռուսական կողմի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է հեռախօսազրոյցը, որու ընթացքին նախարարները քննարկած են երկկողմանի եւ տարածաշրջանային բնոյթով զանազան հարցեր։

Բացի այս հեռախօսազրոյցէն, Լաւրով երէկ Հայաստանին անդրադարձաւ նաեւ՝ Սոչիի Համաշխարհային երիտասարդական փառատօնի շրջանակներէն ներս ունեցած ելոյթին ժամանակ։ «Արեւմուտքի արմատական շահերը միշտ ալ համապատասխանած են՝ «բաժնէ՛ եւ տիրէ՛» սկզբունքին։ Արեւմուտքը յետխորհրդային ժամանակաշրջանի սկիզբէն իսկ միջամտած է Ռուսաստանի եւ իր հարեւաններու յարաբերութիւններուն։ Մինչեւ հիմա անոնք նման քաղաքականութիւն կը վարեն եւ սա տեսանելի է թէ՛ Կեդրոնական Ասիոյ եւ թէ Անդրկովկասի մէջ՝ յատկապէս մեր հայ գործընկերներու օրինակով», ըսաւ Լաւրով եւ աւելցուց, որ Մոլտովան բացայայտօրէն կը պատրաստուի Ուքրայնայի ճակատագրին։ Իր կարգին, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ալ երէկ ըսաւ. «Ռուսաստանն ու Հայաստանը կ՚ապրին խաղաղութեան եւ ներդաշնակութեան մէջ»։ Բանբերը համոզուած է, թէ հայ-ռուսական յարաբերութիւններու պատմութիւնը հիմք կը դառնայ երկկողմանի համագործակցութեան զարգացման համար։

Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինն ալ երէկ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Պաքու։ Այցելութեան առաջին օրը ան բանակցութիւններ վարեց Ատրպէյճանի վարչապետ Ալի Ասատովի հետ։ Այս առթիւ Միշուսթին ընդգծեց, որ Մոսկուա յատուկ նշանակութիւն կու տայ Հարաւային Կովկասէ ներս տնտեսական ու փոխադրութեան կապերու ապաշրջափակման։ Անդրադառնալով տարածաշրջանային համագործակցութեան՝ ռուս վարչապետը յայտնեց, որ Մոսկուա շահագրգռուած է տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեամբ ու կայունութեամբ։

Մինչ այդ, Հարաւային Կովկասի յառաջատար դերակատարներուն միջեւ շփումները բազում ուղղութիւններով կը շարունակուին աշխուժութեամբ։ Երէկ, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիան Ճիտտէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ IRNA-ի հաղորդումներով՝ Ապտուլլահիան զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Թեհրան-Պաքու յարաբերութիւններուն մէջ նոր էջ մը բացուած է, սա յոյս կը ներշնչէ երկու ժողովուրդներուն, իսկ երկու երկիրներուն առջեւ կը բանայ փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութեան մեծ հնարաւորութիւններ։ «Ատրպէյճան կարեւոր տեղ կը գրաւէ Իրանի հարեւանութեան քաղաքականութեան մէջ եւ երկու ժողովուրդները, հարեւանութեան ու պատմական կապերէն բացի, ունին նաեւ ընտանեկան կապեր», ըսաւ ան։

Իր կարգին, Ճէյհուն Պայրամովն ալ նշեց, որ Հայաստանի կողմէ տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան եւ կայունութեան չծառայող երրորդ կողմերու ներգրաւումը սպառնալիք է հաշտութեան գործընթացին։ Պայրամովի խօսքով՝ որոշ պետութիւններու կողմէ Հայաստանի զինումը վտանգ կը ներկայացնէ հաշտութեան գործընթացին տեսակէտէ։

Հարկ է նշել, որ Ապտուլլահիան եւ Պայրամով Ճիտտէի մէջ մասնակցեցան Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու արտահերթ ժողովին, որ կազմակերպուեցաւ Սէուտական Արաբիոյ տանտիրութեամբ։ Նոյն հաւաքին մասնակցեցաւ նաեւ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան։ Ճիտտէի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ նաեւ Հաքան Ֆիտանի եւ Ամիր Ապտուլլահիանի առանձին հանդիպումը։

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով այսօր այցելութիւն մը կու տայ Թուրքիա։

Չորեքշաբթի, Մարտ 6, 2024