ՅՍՏԱԿ ՈՒ ՎՃՌԱԿԱՄ

Միջազգային հանրութեան օրակարգին վրայ է իսլամական աշխարհի Ռամազանի սկիզբէն առաջ Կազզէի մէջ հրադադարի մը ապահովուիլը։ Մինչ Իսրայէլ-Պաղեստին հակամարտութիւնը վտանգաւոր հունի մը մէջ կը շարունակուի, Թուրքիա բոլոր հարթութիւններու վրայ ամուր քաղաքական կամք կ՚արտայայտէ եւ իր կշիռը ի գործ կը դնէ, որպէսզի նպաստէ ժամ առաջ հրադադարի մը հաստատման։ Անգարայի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Պաղեստինի Ինքնավարութեան ղեկավար Մահմուտ Ապպասը։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան Պեշթեփէի համալիրէն ներս պետական բարձր արարողակարգով ընդունեց Մահմուտ Ապպասը, որու հետ սարքեց նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։

Մահմուտ Ապպասի Անգարա այցելութեան առթիւ Էրտողան յայտարարեց. «Արեւմուտքին ալ աջակցութեամբ, Նեթանիյահու ակնյայտ ցեղասպանութիւն մը կը կատարէ Պաղեստինի ժողովուրդին դէմ»։ Այսպէսով թրքական կողմը հերթական անգամ յստակ ու վճռակամ դիրքորոշումը բարձրաձայնեց՝ սուր քննադատութիւններով թիրախաւորելով նաեւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի վարչախումբը։

Էրտողան այս առթիւ հերթական անգամ կրկնեց, որ առանց Իսրայէլ-Պաղեստին խնդրի արդար լուծման անկարելի է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հաստատումը։ Ան համոզուած է, թէ արդար խաղաղութեան կարիքը բացայայտ է եւ մշտական խաղաղութեան մը հաստատման համար միակ ճանապարհն է՝ 1967 թուականի սահմաններուն հիմքով Պաղեստինի պետութեան մը հաստատուիլը։

Էրտողան ընդգծեց, որ այժմու իրավիճակին մէջ դիմադրութեան լաւագոյն միջոցներէն մին ալ պաղեստինցիներու միջեւ միութեան ու միասնականութեան վերականգնումն է։

Չորեքշաբթի, Մարտ 6, 2024