ՆՈՐ ՆԱԽԱՐԱՐԻ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ

Երէկ, Հայաստանի կառավարութեան կազմին մէջ տեղի ունեցաւ փոփոխութիւն մը։ Այսպէս, տնտեսութեան նախարար նշանակուեցաւ Գէորգ Պապոյեան։ Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան համապատասխան հրամանագիրը ստորագրեց՝ վարչապետի առաջարկին հիման վրայ։

Հարկ է նշել, որ նախկին տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեան միջոց մը առաջ հրաժարած էր՝ Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութենէն ներս պատահած աղմկարար իրադարձութիւններու զուգահեռ։ Նորանշանակ նախարարը՝ Գէորգ Պապոյեան մինչ այդ Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան երեսփոխաններէն էր։ Այս խմբակցութիւնը խորհրդարանէն ներս մեծամասնութիւն կը կազմէ։ Գէորգ Պապոյեան նախարար նշանակուելէ առաջ հրաժարեցաւ պատգամաւորի պաշտօնէն։

Չորեքշաբթի, Մարտ 6, 2024