ՅԱՆՈՒՆ ԴԻՄԱԿԱՅՈՒԹԵԱՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց. «Հաւատարիմ ենք Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին՝ հիմնուած իրարու տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման վրայ»։

Երէկ, Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէնի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հանդիպումը։ Բանակցութիւններուն մասնակցեցաւ նաեւ Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձակատար Ժոզէֆ Պորէլ։ Պրիւքսէլի մէջ էր նաեւ ԱՄՆ-ի միջազգային զարգացման գործակալութեան կառավարիչ Սեմենթա Փաուէր, որու հետ առանձին հանդիպում մը ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեան։

Եռակողմանի բանակցութիւններէն առաջ եւ վերջ հնչեցին յայտարարութիւններ։ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէն յայտարարեց, որ ԵՄ կը պատրաստուի ներդրումներ ընել Հայաստանի ենթակառուցուածքային նախագծերուն համար։ Իր կարգին, Ժոզէֆ Պորէլն ալ շեշտեց, որ ուժեղ եւ կայուն Հայաստան կը նշանակէ աւելի ուժեղ եւ կայուն Հարաւային Կովկաս։ Էնթընի Պլինքընն ալ ընդգծեց, որ ԱՄՆ կ՚աջակցի Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծին։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան Պրիւքսէլի երէկուան հանդիպումը որակեց գերազանց։ Թէ՛ Եւրոմիութիւնը եւ թէ ԱՄՆ այս փուլին կը նախատեսեն աւելի ամուր համագործակցութիւն Հայաստանի հետ։ Պետական քարտուղարը աւելցուց նաեւ, որ Ուաշինկթըն հաստատակամ է Երեւանի ժողովրդավարութեան ամրապնդման եւ տնտեսական բարգաւաճման ուղղեալ նախաձեռնութիւններուն աջակցելու։

Պրիւքսէլի բանակցութիւններուն զուգահեռ, երէկ կարեւոր յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ նաեւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի օգնական Ճէյմս Օ՚Պրայըն։ Այսպէս, ան դիտել տուաւ, որ ԱՄՆ եւ Հայաստան կ՚ուսումնասիրեն միջուկային ուժանիւթի ոլորտէն ներս համագործակցութեան հնարաւորութիւնները։ Բաց աստի, ան ընդգծեց, որ Ուաշինկթըն կը շարունակէ աջակցիլ Երեւանի բարեփոխումներուն։ Ի լրումն այս բոլորին, ան Հայաստանին կոչ ուղղեց՝ փորձել վերջնական համաձայնութեան հասնիլ Ատրպէյճանի հետ։

Պրիւքսէլի երէկուան բանակցութիւններէն վերջ հրապարակուեցաւ նաեւ պաշտօնական յայտարարութիւն մը։ Այս առթիւ ընդգծուեցաւ, որ ԱՄՆ եւ Եւրոմիութիւնը մտադիր են յաւելեալ օգնութիւն ցուցաբերելու, որպէսզի Հայաստան մեղմացնէ իր դիմագրաւած ռիսքերը, տեսակաւորէ առեւտուրը եւ ամրապնդէ տնտեսական եւ էնսթիթիւսիոնէլ դիմակայութիւնը։ «Բարգաւաճ, ինքնիշխան եւ ժողովրդավարական Հայաստանը, որ կը զարգացնէ իր սեփական գործընկերային յարաբերութիւնները եւ ազատօրէն կ՚որոշէ իր ուղին, կը նպաստէ տարածաշրջանային կայունութեան եւ բարգաւաճման», նշուած է յայտարարութեան մէջ։ Պաշտօնական յայտարարութեան մէջ ալ շեշտուեցաւ, որ Եւրոմիութիւնն ու ԱՄՆ ողջունած են արտաքին աշխարհի հետ կապը բարելաւելու ուղղեալ Հայաստանի յանձնառութիւնը՝ ներառեալ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութիւնը, որ պիտի խթանէ ընդհանուր բարգաւաճումը եւ տարածաշրջանային տնտեսական եւ առեւտրային տեսակաւորումը։

Պրիւքսէլի մէջ յայտարարուեցաւ, որ թէ՛ ԱՄՆ եւ թէ ԵՄ յառաջիկայ տարիներուն կը նախատեսեն ելմտական օժանդակութիւնները աւելցնել Հայաստանին ի նպաստ։ Փաշինեան-Պլինքըն-Ֆոն տեր Լէյէն բանակցութիւններուն միացած են նաեւ Պորէլն ու Փաուէրը։

Այս բոլորի լոյսին տակ Նիկոլ Փաշինեանն ալ Պրիւքսէլի մէջ յայտնեց, որ Հայաստան պատրաստ է բարելաւել իր ներդրումային միջավայրը եւ զայն աւելի հրապուրիչ դարձնել եւրոպական եւ ամերիկեան ընկերութիւններուն համար։ Իր կարգին, Պլինքընն ալ Պրիւքսէլի մէջ ըսաւ. «Մենք կը բաժնենք հայ ժողովուրդի ապագայի տեսլականը, կը փափաքինք՝ Հայաստանը ըլլայ ուժեղ, անկախ պետութիւն, հարեւաններու հետ հաշտ»։

ՄՈՍԿՈՒԱՅԷՆ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ

Միւս կողմէ, Մոսկուան ալ երէկ տեղեկացուց, որ նախկինին պէս պատրաստ է ամէն կերպով աջակցիլ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ երկար սպասուած խաղաղութեան ձեռքբերման։

Պրիքսէլի երէկուան բանակցութիւններուն կապակցութեամբ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Ռուսական կողմը արդէն երկար ժամանակէ ի վեր վերապահութիւն կը ցուցաբերէր երէկուան ժամադրութեան դէմ։ Պրիւքսէլի երէկուան յայտարարութեան հրապարակումէն անմիջապէս վերջ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Կոչ կ՚ուղղենք Հայաստանին թոյլ չտալ, որ Արեւմուտքը զինքը խաբէ եւ զինքը տանի սխալ ճանապարհով»։ Ռուսական կողմին այս յորդորը հասցէագրուած էր Երեւանի ղեկավարութեան։ Նախարարութիւնը դիտել տուած է, որ այդ սխալ ճանապարհը կրնայ անվտանգութեան ճնշումներու պատճառ դառնալ Հայաստանի դէմ, երկրի տնտեսութեան մէջ լուրջ խնդիրներ յառաջացնել եւ բնակչութեան արտահոսքին պատճառ դառնալ։ Ռուսաստան Պրիւքսէլի երէկուան հանդիպումը կը դիտարկէ՝ որպէս Արեւմուտքի հերթական փորձը, որ ուղղուած է Հարաւային Կովկասը ներքաշել աշխարհաքաղաքական առճակատման մէջ։ «Հարաւային Կովկասի գործերուն արտատարածաշրջանային ուժերու կործանարար միջամտութիւնը կրնայ պատճառ դառնալ ամենաբացասական հետեւանքներու։ Արեւմուտքը կը փափաքի Հայաստանը վերածել Հարաւային Կովկասէ ներս իր չափազանց վտանգաւոր ծրագրերու իրականացման գործիքի», նշուած է ռուսական կողմի յայտարարութեան մէջ։ Ի լրումն այս բոլորին, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուցած է, որ իրենք գիտեն, թէ ԱՄՆ եւ Եւրոմիութիւնը ժամանակաւոր խոստումներու ներքեւ կը ձգտին Հայաստանը դուրս բերել ՀԱՊԿ-էն եւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութենէն, դուրս բերել ռուսական ռազմախարիսխն ու սահմանապահները երկրէն։ 

Շաբաթ, Ապրիլ 6, 2024