ԵՐԳՈՎ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ

Հայ երգիչներն ու դերասանները երգով շնորհակալութիւն կը յայտնեն Հայաստանի բուժաշխատողներուն։ Այսպէս, խումբ մը երգիչ-երգչուհիներ, դերասան-դերասանուհիներ երգով շնորհակալութիւն կը յայտնեն բոլոր բուժաշխատողներուն, որոնք համավարակի այս ծանր օրերուն անձնուիրաբար կ՚աջակցին մարդոց ու կ՚օգնեն անոնց, որպէսզի անոնք վերագըտ-նեն իրենց առողջութիւնը։

«Շնորհակալ ենք» երգի հոլովակը արդէն համացանցի վրայ է։

Նախագիծի բեմադրիչն է Արա Պաղտասարեան, երաժշտական բեմադրիչը՝ Էտկար Ալեքսանեան, իսկ բեմադրողը՝  Յարութ Շատեան:

Նախագիծի մասնակիցներն են՝ Արփի Գաբրիէլեան, Սիլվա Յակոբեան, Էրիք Կարապետեան, Սարգիս Աւետիսեան, Քրիստինէ Պեպելեան, Եանա Յովհաննիսեան, Գոռ Եփրեմեան, Միհրան Ծառուկեան, Սարգիս Գրիգորեան, Մանօ Գրիգորեան, Եւա Գրիգորեան, Եանա Սուիթ, Ռուբէն Ճաւատեան:

Բեմադրողն է Հրաչ Մանուչարեան:

Չորեքշաբթի, Մայիս 6, 2020