ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱՑՄԱՆ ԱՄԵՆԱԲԱՐՁՐ ՑՈՒՑԱՆԻՇԸ

Freedom House իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը՝ նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներու ժողովրդավարութեան բարելաւման վերաբերեալ իր զեկոյցին մէջ բարձր գնահատանքի արժանացուցած է Հայաստանի ձեռքբերումները, որոնք արձանագրուած են վերջին երկու տարուան ընթացքին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստան արձանագրած է Freedom House-ի զեկոյցի պատմութեան մէջ ժողովրդավարացման ամենաբարձր ցուցանիշը։ Ամերիկեան հեղինակաւոր այս իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը արդէն հրապարակեց «Անցումային երկիրներ 2020» խորագրեալ զեկոյցը, ուր Հայաստան արձանագրած է պատմութեան մէջ ժողովրդավարութեան բարելաւման տեսակէտէ ամենաբարձր եւ երկամեայ ցուցանիշը։

Այս զեկոյցը նուիրուած է նախկին Խորհրդային Միութեան, այսինքն Եւրոասիական 29 երկիրներու ժողովրդավարական զարգացումներուն։ Այնտեղ արձանագրուած է, որ Հայաստան վերջին երկու տարիներուն մեծ յառաջընթաց ունեցած է ընտրութիւններու կատարման, կաշառակերութեան դէմ պայքարի ոլորտներէն ներս։ Բայց եւ այնպէս, դատական համակարգի շուրջ զարգացումները տեղի տուած են զեկոյցի հեղինակներու մտահոգութիւններուն։ Freedom House-ի գնահատականով՝ քաղաքական փոփոխութիւններու, օրէնքի գերակայութեան եւ համակարգուած փտածութեան դէմ պայքարի շուրջ հանրային համաձայնութիւնը հիմք ստեղծած է Հայաստանէ ներս տեղի ունեցած թաւշեայ յեղափոխութեան համար։ Հանրային այս պահանջը պատմական հնարաւորութիւն մըն է ժողովրդավարութեան զարգացման առումով։

Զեկոյցին մէջ կոչ ուղղուած է ուշադրութեան առարկայ դարձնել այն երկիրները, որոնք կը գտնուին կառավարման համակարգի անցումային փուլին մէջ։ Այս ծիրին մէջ առանձնացուած են Հայաստանը եւ Ուքրայնան, որոնք վերջին երկու տարիներուն արձանագրած են ժողովրդավարացման բարձր ցուցանիշներ։ Այս երկիրներու առաջնորդները ներկայիս կանգնած են առանց ժողո-վըրդավարական չափանիշները խախտելու քաղաքացիներու սպասումները արդարացնելու, վստահութիւնը պահպանելու եւ փտած համակարգերը փոխելու մարտահրաւէրին առջեւ։

Freedom House-ը կոչ ուղղած է ծրագրային ծաւալուն աջակցութիւն ցուցաբերել Հայաստանին՝ օրէնքի գերակայութեան եւ կառոյցներու ուժեղացման ուղղութեամբ, ներառեալ դատական եւ ոստիկանական համակարգերու բարեփոխումները։ Թաւշեայ յեղափոխութեան աջակցած Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ եւրոպական երկիրներու ծրագրերը պէտք է ընդգրկեն նաեւ հանրային միասնութեան ապահովման եւ քաղաքական բեւեռացման յաղթահարման նպատակներ, որոնք պիտի նպաստեն այլ բարեփոխումներու յաջողութեամբ իրականացման։

Զեկոյցին մէջ շեշտուած է, որ Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ տարածքաշրջաններէն ներս հետզհետէ աւելի բարձր թիւով առաջնորդներ արդէն բաց յարձակում կը գործեն ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ արժէքներու վրայ։ Freedom House-ի նախագահ Մայքըլ Ապրամովից կոչ ուղղած է արեւմտեան ժողովրդավարութիւններուն՝ չանտեսել այն հակաժողովրդավարական գործընթացները, որոնք իրենց հարեւանութեամբ կ՚ընթանան։ Ան ԱՄՆ-ին ալ կոչ ուղղած է, որպէսզի վերստին ստանձնէ իր առաքելութիւնը ժողովրդավարութեան պաշտպանութեան հարցին մէջ։ Չբացառելով ժողովրդավարութեան զարգացման տեսանկիւնէ իրավիճակի վատթարացումը քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքով՝ Մայքըլ Ապրամովից յոյս յայտնած է, թէ այս փորձութիւնը ի ցոյց պիտի դնէ թափանցիկ ու պատասխանատու կառավարման կարեւորութիւնը՝ պահանջարկ ստեղծելով նոր փոփոխութիւններու համար։

Չորեքշաբթի, Մայիս 6, 2020