ՇՈՒՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՅԱՋՈՂԻ՞Ն

Ֆրանսայի մէջ շուներուն կը սորվեցնեն գտնել քորոնաժահրով վարակուած հիւանդները։ Այսպէս, Ֆրանսայի ծինաբանները կը փորձարկեն քորոնաժահրով վարակուածները գտնելու նոր մեթոտը՝ շուներուն սորվեցնելով զանազանել վարակուածներու հոտը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Le Parisien պարբերականը:

Նախաձեռնութեան հեղինակները դեռ վստահութիւն չունին, որ այս վարկածը կը յաջողի, սակայն, անոնց խօսքով՝ առաջին արդիւնքները յուսադրիչ են:

Վարժանքները սկսած են ապրիլի 30-ին: Անոնց կը մասնակցի 7 ծառայողական շուն՝ տարբեր ցեղատեսակներու, հիմնականին պելժիական հովուաշուներ:

Մասնագէտները կը վստահեցնեն, որ վարակեալները յայտնաբերելը վարակուելու վտանգ չի յառաջացներ շուներու համար:

Աշխարհի մէջ նոր տիպի քորոնաժահրի վարակով՝ COVID-19-ով վարակուածներու թիւը գերազանցած է 3 միլիոն 422 հազար 595-ը: Մահացածներու թիւն ալ գերազանցած է 240 հազարը: Ապաքինած է 1 միլիոն 93 հազար 215 հիւանդ:

Չորեքշաբթի, Մայիս 6, 2020