ԷՍԴՈՒԳԵԱՆԻՆ ՄՐՑԱՆԱԿ

Գոհունակութեամբ կը տեղեկանանք, որ մեր պաշտօնակից «Ակօս» շաբաթաթերթի հայերէն էջերու խմբագիր Բագրատ Էսդուգեան արժանացած է մրցանակի մը։ Այսպէս, իրեն շնորհուած է Մարդու իրաւանց միութեան «Արտայայտութեան ու մտքի» տարեկան մրցանակը, որ հաստատուած է ի յիշատակ հանգուցեալ մտաւորական Այշէնուր Զարաքօլուի։ Մարդու իրաւանց միութիւնը այս տարի որոշած է պարգեւատրել երեք անձնաւորութիւն եւ այդ դափնեկիրներէն մին է Բագրատ Էսդուգեանը։

Հարկ է նշել, որ Բագրատ Էսդուգեան նախապէս ալ որոշ մրցանակներու կամ պարգեւներու արժանացած է՝ նոյն հասարակաց յայտարարին վրայ։

Պարգեւատրման արարողութիւնը յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին՝ երեքշաբթի երեկոյեան ժամերուն նախատեսուած է Մարդու իրաւանց միութեան կեդրոնատեղիին մէջ, Պէյօղլու։

Շաբաթ, Մայիս 6, 2023