ԹՌԻՉՔՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՃՇԴՈՒՄ

Հայաստանէն դէպի արտասահման թռիչքներու համար Թուրքիոյ օդային մարզին փակուիլը այս շրջանին անմիջականօրէն կը զբաղեցնէ օրակարգը։ Շուրջ շաբաթէ մը ի վեր հայկական օդային ընկերութիւնները զրկուած են տարանցիկ նպատակով Թուրքիոյ օդային մարզէն օգտուելու հնարաւորութենէն։ Այս լուրերը շփոթութիւն ստեղծած են նաեւ Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքներու պարագային։ Ծանօթ է, որ այդ թռիչքները Թուրքիայէն կը կազմակերպուին «Pegasus» ընկերութեան, իսկ Հայաստանէն «Fly One Armenia» ընկերութեան կողմէ։

Վերջին օրերուն «Fly One Armenia» ընկերութեան Իսթանպուլի ներկայացուցիչ Պերճուհի Սէօղիւթ մեզի հետ կապ հաստատեց՝ լուսաբանութիւններ տալու համար թիւրիմացութիւններուն շուրջ։ «Օրերէ ի վեր մարդիկ շարունակ մեզի հետ կապ կը հաստատեն ու կը հարցնեն, թէ արդեօք Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքները կը դադրի՞ն։ Մենք ալ կը պատասխանենք՝ ոչ։ Ուղիղ թռիչքները կը շարունակուին բնականոն ձեւով», ըսաւ Պերճուհի Սէօղիւթ։

Հեռախօսազրոյցի ընթացքին Սէօղիւթ նշեց, որ քաղաքական պատճառներով սահմանուած արգելքը կը վերաբերի տարանցիկ թռիչքներուն, իսկ իրենց ընկերութիւնը սովորական ձեւով կը շարունակէ իրականացնել ուղիղ թռիչքները Իսթանպուլի եւ Երեւանի միջեւ։ Այսինքն, ինչպէս «Pegasus»ը, այնպէս ալ «Fly One Armenia»ն կը շարունակեն սովորական ձեւով ծառայութիւն մատուցել ուղեւորներուն։ Հուսկ, Պերճուհի Սէօղիւթ դիտել տուաւ, որ տարակուսանքի որեւէ պատճառ գոյութիւն չունի եւ իրենց աշխատանքը կը շարունակուի անխափան։

Շաբաթ, Մայիս 6, 2023