ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Ժամանակակից աշխարհի մէջ Հնդկաստան-Չինաստան յարաբերութիւնները աւելի ու աւելի կարեւոր գործօն կը դառնան անվտանգութեան համաշխարհային ու տարածաշրջանային ճարտարապետութեան վերափոխման գործին մէջ: Ըստ «Արմէնփրէս»ի, ամերիկեան «Project Syndicate»ը տեղեկացուց, որ այս երկիրներու դիմակայութիւնը կրնայ փոխել Ասիոյ եւ ընդհանրապէս աշխարհի աշխարհաքաղաքական իրավիճակը:

Հիմալայեաններու մէջ հնդկական տարածքի վրայ Չինաստանի գաղտնի յարձակման սկիզբէն անցած է երեք տարի, սակայն երկու երկիրներու սահմանային դիմակայութեան վերջը առայժմ չ՚երեւիր: Թէեւ երկու երկիրներու ռազմական կուտակումներն ու պարբերական բախումները Արեւմուտքի մէջ գրեթէ ուշադրութիւն չեն գրաւեր, սակայն սահմանային հակամարտութեան մագլցումը երկարաժամկէտ թշնամութեան պատճառ դարձած է, ինչ որ կրնայ փոխել աշխարհաքաղաքական իրավիճակը Ասիոյ մէջ:

Վճռելով դիմակայել Չինաստանին, հակառակ լայնածաւալ պատերազմի վտանգին, Հնդկաստան բաց մարտահրաւէր նետած է չինական հզօրութեան՝ այնպէս, ինչպէս այս դարուն տակաւին որեւէ համաշխարհային տէրութիւն չէ ըրած, ներառեալ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները:

Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինի լայնածաւալ ռազմավարական ընդլայնումը Հնդկաստանը ստիպած է հրաժարիլ իր նախկին հանդարտեցման քաղաքականութենէն եւ արագացնել ռազմական հզօրացումը: Նիւ Տելհին վճռական է՝ կանխելու չինակեդրոն Ասիոյ յառաջացումը: Սի Ծինփինի ուժային վերաքննութիւնը եւ աշխարհաքաղաքական նկրտումները Ճաբոնը եւ Աւստրալիան նոյնպէս ստիպած են ձեւափոխել իրենց ռազմավարութիւնները եւ զբաղիլ հնդկախաղաղովկիանոսեան տարածաշրջանին մէջ չինական ընդլայնման հակազդեցութեամբ: Հաստատելով մինչեւ 2027 թուականը ռազմական ծախսերը կրկնապատկելու ծրագիրը՝ Ճաբոն գործնականին մէջ անցեալին թողած է յետպատերազմեան դարաշրջանի ազգային անվտանգութեան խաղաղասիրական քաղաքականութիւնը: Աւստրալիա, իր հերթին, հրաժարած է նախկին մօտեցումներէն եւ ստեղծած՝ «AUKUS» պաշտպանական դաշնագիրը ԱՄՆ-ի եւ Մեծն Բրիտանիոյ հետ:

2020 թուականին Չինաստանի ձեռնարկած քայլը՝ գրաւելու Հնդկաստանի հիւսիսի Լատաք շրջանին սառցապատուած հարիւրաւոր քառակուսի քիլօմեթր տարածք, երբ Հնդկաստան համազգային մեկուսացում յայտարարած էր, գնահատուեցաւ որպէս Սի Ծինփինի ռազմավարական նպատակներու իրականացման ցինիկ փորձ համավարակի պայմաններու ներքեւ: Բայց Ծինփին սխալած էր, երբ որոշեց, որ Չինաստան կրնայ ստիպել Հնդկաստանը՝ ընդունիլ նոր կարգավիճակը որպէս կատարուած փաստ:

Այդ պահէն սկսեալ Հնդկաստան այնտեղ աւելի շատ զինուորներ տեղակայած է՝ քան Չինաստան, կուտակումը խոշորագոյնն է Հիմալայեաններու մէջ՝ աշխարհի վրայ կեանքի համար ամենաանյարմար տարածաշրջաններէն մէկուն ռազմական հզօրութեան ծաւալման պատմութեան մէջ: Քանի որ Հնդկաստան հրաժարեցաւ ենթարկուիլ, Ծինփին փորձեց կոտրել անոր պաշտպանութիւնը՝ նոր ճակատ բանալով Արեւելեան Հիմալայեաններու մէջ՝ 2020 թուականին նուաճած հողերէն 2 հազար քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ:

2022 թուականի դեկտեմբերին չինական ներխուժումները՝ դէպի ռազմավարական առումով կարեւոր սահմանամերձ Արունաչալ-Փրատեշ նահանգ, ըստ տեղեկութիւններու, ԱՄՆ-ի հետախուզութեան օգնութեամբ ետ մղուած են հնդկական բանակին կողմէ: Փորձելով ամրապնդել իր տարածքային պահանջները եւ հրահրել Հնդկաստանը՝ Չինաստան սկսաւ տեղանուններու չինականացումը Արունաչալ-Փրատեշ նահանգին մէջ: Զայն անուանելով «Հարաւային Թիպեթ»՝ չինական կառավարութիւնը կը պնդէ, որ այդտեղ (Թայուանէն երկու անգամ մեծ) «չինական տարածք» է եւ որ հնդկական հողերու չինականացումը երկրի «ինքնիշխան իրաւունքն է»:

Այս բոլորը Հնդկաստանը կը ստիպէ շահագրգռուիլ Թայուանի ինքնավար կարգավիճակի պահպանման հարցով։ Եթէ ​​Թայուան իյնայ Չինաստանի ճնշմամբ, ապա Փեքին կրնայ «վերամիաւորման» յաջորդ թիրախը դարձնել Արունաչալ-Փրատեշը, որ տարածքով մօտաւորապէս Աւստրիայի չափ է: Երկրորդ աշխարհամարտէն յետոյ՝ 1951 թուականին Չինաստանի կողմէ Թիպեթի բռնակցումը աշխարհաքաղաքական ամենակարեւոր իրադարձութիւններէն մին էր համաշխարհային պատմութեան մէջ, որովհետեւ Չինաստան ընդհանուր սահման ձեռք բերաւ Հնդկաստանի, Նեփալի, Պութանի եւ հիւսիս-արեւմտեան Միանմարի հետ: Չինաստանի կողմէ Թայուանի նուաճումը կրնայ յանգեցնել աշխարհաքաղաքական համանման վերադասաւորման՝ չինական ռազմածովային ուժերուն հնարաւորութիւն տալով դուրս գալ «կղզիներու առաջին շղթայէն» եւ հանգիստ ելք ստանալ դէպի Խաղաղական ովկիանոս:

Չինական յայտարարութիւնները, ըստ որոնց՝ Թայուան միշտ Չինաստանի մասը եղած է, պատմականօրէն վիճելի են: Թայուան միայն 19-րդ դարու վերջին չինական նահանգ դարձած է, սակայն բառացիօրէն արդէն ութ տարի յետոյ Չինաստան կորսնցուց վերահսկողութիւնը, որովհետեւ Ցին կայսրութիւնը զայն վերջնականապէս զիջեց Ճաբոնին 1895 թուականին՝ առաջին Ճաբոն-Չինաստան պատերազմին կրած ջախջախիչ պարտութենէն յետոյ: Առարկութիւններ ներկայացնելով Թայուանին՝ Սի Ծինփին կը փորձէ աւարտին հասցնել Մաօ Զետոնկի «Մեծ Չինաստանի» ընդլայնման հայեցակարգը: Թիպեթ կը ներկայացնէ Հիմալայեաններու մէջ չինական ընդլայնման բանալին՝ հակառակ, որ այդ մէկը Չինաստանի միայն մէկ մասն էր այն ժամանակաշրջանին, երբ Չինաստան բռնագրաւուած էր օտարներու, յատկապէս՝ մոնղոլներու եւ մանջուրներու կողմէ:

Որովհետեւ Չինաստան չի կրնար այդ տարածաշրջանի որեւէ կապ ներկայացնել չինացիներու հետ, անոր տարածքային յաւակնութիւնները Հիմալայեաններու մէջ կը  յենուին Թիպեթի կասկածելի կրօնական ու հովանաւորչական կապերու վրայ: Չեն խնայած նաեւ փոքրիկ Պութանը, որու սահմանամերձ կտորները աստիճանաբար կը պոկէ Չինաստան: Այս համայնապատկերին վրայ Հնդկաստանի պատրաստակամութիւնը՝ դիմակայելու Չինաստանին, կը խանգարէ Սի Ծինփինի ընդլայնման ծրագրի իրականացումը:

Ինչպէս անցեալ տարի նշած է ԱՄՆ-ի ռազմածովային ուժերու ծովային գործողութիւններու ղեկավարը՝ ծովակալ Մայքըլ Կիլտէյ, Հնդկաստան Չինաստանի համար «երկու ճակատի» խնդիր կը ստեղծէ: «Հնդիկներ Չինաստանը կը ստիպեն ո՛չ միայն նայիլ դէպի արեւելք՝ Հարաւ-չինական ծով ու Թայուանի նեղուց, այժմ ստիպուած պէտք է շրջուին նաեւ դէպի Հնդկաստան», ըսած է ծովակալը: Բաց աստի, Հնդկաստան-Չինաստան մրցակցութիւնը սրած է այն պահուն, երբ Չինաստանի տնտեսութիւնը բախուած է իր երկարաժամկէտ սահմանափակումներուն, ներառեալ բնակչութեան նուազումը, արագ ծերացումը եւ արտադրողականութեան աճի դանդաղումը:

Հնդկաստան, որու բնակչութիւնը ամենաերիտասարդներէն մէկն է աշխարհի վրայ (միջինը՝ 28.4 տարեկան), այժմ ժողովրդագրական եկամուտներ կը քաղէ: Թէեւ հնդկական համախառն ներքին արդիւնքը առայժմ կը զիջէ չինականին, սակայն խոշոր տնտեսութեամբ երկիրներու շարքին Հնդկաստանի տնտեսութիւնը աշխարհի վրայ կ՚աճի ամենաարագ ձեւով: Հաշուի առնելով, որ հնդկական բանակը աշխարհի վրայ հիպրիտային լեռնային պատերազմի ամենամեծ փորձառութիւնը ունի, երկիրը առաւելութիւններ ունի Հիմալայեաններու բարձր լեռնային միջավայրին մէջ: Բաց աստի, ի տարբերութիւն Հնդկաստանի կամաւորական բանակի, Չինաստանի Ժողովրդա-ազատագրական բանակը հիմնականին մէջ կը յենու ժամկէտային զինեալ ուժերուն վրայ, որոնք 18 տարեկանին իբր թէ կամաւոր երկու տարուան ծառայութեան կը մեկնին:

Սա կ՚օգնէ բացատրել, թէ ինչո՛ւ Չինաստան կը նախընտրէ գաղտնի ներխուժումները՝ քան բացայայտ ռազմական գործողութիւնները: Հիմալայեաններու մէջ ներկայիս ռազմական փակուղին դարձեալ կը յիշեցնէ, թէ Ծինփին որոշած է սահմանային պայքարի սկսիլ Հնդկաստանի հետ, որու չի կրնար յաղթել: Քանի որ ԱՄՆ-Չինաստան մրցակցութիւնը կը խորանայ, Չինաստանին պէտք չէ իր ամենամեծ հարեւանը յաւերժական թշնամիի վերածելը: Արդիւնքին Հնդկաստանի եւ ԱՄՆ-ի մերձեցումը կրնայ ըլլալ Ծինփինի հիմնական, երկարաժամկէտ ժառանգութիւնը՝ իր բոլոր հետեւանքներով:

Շաբաթ, Մայիս 6, 2023