1991-ԻՆ ԵՒ ԱՅՍՕՐ…

Կրկին անդրադառնամ իշխանական քարոզչութեան սիրած բառակապակցութեան՝ «5-րդ շարասիւն»: Այդ արտայայտութիւնը կը կիրառուի այն մարդոց համար, որոնք երկրի (քաղաքի) մէջ կը նպաստեն օտարներու կողմէ սեփական տարածքի զաւթման: Այդ իսկ ձեւով 1936 թուականին զօրավար Էմիլիօ Մոլան կ՚անուանէր իր, այսինքն՝ Ֆրանքոյի համակիրները պաշարուած Մատրիտի մէջ: Բացի սեփական 4 շարասիւններէն, զօրավարը նկատի ունէր այդ մէկը՝ 5-րդը:

Այլ խօսքով, կ՚ենթադրուի, որ անոնք, որոնք յանուն թշնամիի կ՚ականազերծեն տարածքը, ոստիկանական գործողութիւններ կը կիրառեն տեղւոյն բնակչութեան եւ բողոքող քաղաքացիներուն դէմ, կը մօտեցնեն թշնամիի կրակակէտերը իրենց երկրի բնակավայրներուն, անոնք իսկ ալ պէտք է կոչել «5-րդ շարասիւն»: Բայց, արի ու տես՝ Փաշինեանի քարոզչամեքենան կը շարունակէ այդպէս կոչել իր շեֆի բոլոր ընդդիմախօսները:

Հակասական է, որ այդ ընդդիմախօսներու «Ռուսաստանի գործակալ»ը ըլլալու կասկածը կայ։ Մինչդեռ Տաւուշի մէջ Հայաստան-Ատրպէյճան գործողութեան ետեւ յստակօրէն կ՚երեւին Ռուսաստանի «ականջները»: Կը կարծեմ՝ սա բոլորի համար պէտք է, որ պարզ ըլլայ:

…Ուղիղ 33 տարի առաջ՝ 1991 թուականի մայիսին, նոյն տարածաշրջանին մէջ հայ ոստիկանները հերոսաբար կը կռուէին Ատրպէյճանի մէջ տեղակայուած Խորհրդային Միութեան զինեալ ուժերու 4-րդ բանակի եւ ատրպէյճանական ՕՄՕՆ-ի գերակայող ուժերուն դէմ: Տասնեակէ աւելի ոստիկան զոհուեցաւ:

2024 թուականի մայիսին «հայ» ոստիկանները կը կռուին իրենց քաղաքացիներուն դէմ եւ, հակառակը՝ ճանապարհ կը բանան Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն համար, որպէսզի անոնց զինուորները նշանառութեան տակ առնեն նոյն գիւղերը: Այդ համեմատութիւնը ցոյց կու տայ ո՛չ միայն ոստիկանութեան, այլեւ հայ ժողովուրդի «էվոլիւսիոնը» (եղափոխութիւնը): 1991 թուականի ոստիկանները կ՚ամչնային երեւնալ իրենց հարազատներու աչքին, եթէ այլ կերպ վարուէին: Այսօրուան ոստիկանները կը կարծեն, թէ ամչնալու բան չունին:

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի

Երկուշաբթի, Մայիս 6, 2024