ԱՐԱ ՍԱՂԱԹԵԼԵԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ԱՇԽԱՏԱԿԱԶՄԻ ՂԵԿԱՎԱՐ

Հայաստանի Ազգային ժողովի աշխատակազմի ղեկավար նշանակուեցաւ Արա Սաղաթելեան։ Այս վերջինը ցայսօր կը զբաղեցնէր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի «Հանրային կապերու եւ տեղեկատուութեան կեդրոն»ի տնօրէնի պաշտօնը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, խորհրդարանէն ներս լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան երեսփոխաններէն Հրայր Թովմասեան վստահութիւն յայտնեց, թէ Արա Սաղաթելեանի փորձառութիւնն ու գիտելիքները բաւարար են այդ պաշտօնին վրայ աշխատելու համար։

Նախապէս խորհրդարանի աշխատակազմի ղեկավարի պաշտօնը կը վարէր Հրայր Թովմասեան, որ 2 Ապրիլին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքին ընտրուեցաւ պատգամաւոր։

Երեքշաբթի, Յունիս 6, 2017