ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԺՈՂՈՎ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ նոր կառավարութիւնը այսօր իր անդրանիկ ժողովը կը գումարէ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ։ Նախարարաց խորհուրդին նիստը յետմիջօրէի ժամերուն նախատեսուած է Պեշթեփէի համալիրէն ներս։ Նորանշանակ նախարարները եւ փոխ-նախագահ Ճեւտէթ Եըլմազ այսօր կը մէկտեղուին առաջին անգամ։ Կը հաղորդուի, որ անոնք կ՚արժեւորեն ընտրութիւններէն առաջ նախագահ Էրտողանին կողմէ հրապարակուած, «Թուրքիոյ դար» խորագրեալ հռչակագրի ընդգրկած խոստումները։ Այս առաջին արժեւորումէն վերջ արդէն կը նախատեսուի ճանապարհային քարտէսի մը եւ նոր օրացոյցի մը մշակումը՝ դէպի այդ նպատակները ընթանալու համար։ Մայրաքաղաքի աղբիւրները կը տեղեկացնեն, որ նոր կառավարութիւնը առաջին հերթին ուշադրութիւն կը կեդրոնացնէ տնտեսութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վերաբերեալ հարցերուն վրայ։ Ժողովէն վերջ Էրտողան հանդէս կու գայ ելոյթով։

Նոր կառավարութեան մէջ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը ստանձնած է Հաքան Ֆիտան, որ նախապէս ՄԻԹ-ի խորհրդական էր։ Իրեն փոխարէն ՄԻԹ-ի նոր խորհրդական նշանակուած է Էրտողանի նախկին բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն։ Նոր դահլիճին մէջ՝ որպէս յաջորդ Սիւլէյման Սոյլուին ներքին գործոց նախարարի պաշտօնը ստանձնած է Ալի Երլիքայա, որ նախապէս Իսթանպուլի կուսակալն էր։ Այժմ, իրեն փոխարէն Իսթանպուլի կուսակալ նշանակուած է Տաւուտ Կիւլ, որ Կազիանթէպի կուսակալն էր։ Հուլուսի Աքարէն վերջ ազգային պաշտպանութեան նախարար նշանակուած է Եաշար Կիւլէր, որ ընդհանուր սպայակոյտի նախագահն էր։ Նոր ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ նշանակուեցաւ՝ ցամաքային զօրքերու հրամանատար զօրավար Մուսա Աւսեւեր։

Երեքշաբթի, Յունիս 6, 2023