ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԷՆ ԴՐԱԿԱՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Իսթանպուլի երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու «Անատոլու» գործակալութեան թղթակցին տպաւորութիւններ փոխանցած է՝ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի պաշտօնամուտի արարողութեան առթիւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Անգարա կատարած այցելութեան շուրջ։ Ըստ Սեւան Սվաճըօղլուի, Փաշինեան գոհունակութիւն յայտնած է Թուրքիոյ մէջ գտնուելու կապակցութեամբ եւ թրքահայ համայնքն ալ ողջունած է իր շփումը նախագահ Էրտողանի հետ։ Հրապարակման մէջ մատնանշուած է, որ Սեւան Սվաճըօղլու խորհրդարան մուտք գործած է՝ յանուն Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու։

Չանքայայի ապարանքին մէջ կազմակերպուած պաշտօնական ընթրիքին ժամանակ Էրտողանի, Փաշինեանի, Սվաճըօղլուի եւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նոյն դրուագին մէջ յայտնուիլը եւս մեծ գոհունակութիւն պատճառած է հայ համայնքին։ «Սա պարոն նախագահին կողմէ բոլորին նկատմամբ ցուցաբերուած սիրալիր վերաբերմունքի լաւագոյն օրինակներով լեցուն երեկոյթ մըն էր։ Ամէն ինչ խաղաղութեան ու բարեկամութեան համար է», յայտնած է Սեւան Սվաճըօղլու։

Երեքշաբթի, Յունիս 6, 2023