ԽԱՆԴԱՎԱՌ ԱՄԱՌՆԱՄՈՒՏ

Ներկայ ամառնամուտին մեծ խանդավառութիւն ստեղծուած է Երեւանի մէջ։ Քաղաքամայրը բազմաթիւ եւ բազմաբնոյթ ձեռնարկներ կը հիւրընկալէ եւ այս օրերուն անոր կեդրոնի կարգ մը հատուածներէն ներս ստեղծուած է խրախճանքի մթնոլորտ։ Թէ՛ երեւանցիները եւ թէ զբօսաշրջիկները այս օրերուն միասնաբար կը մասնակցին Գինիի տօնին, անմահ երաժիշտ Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 120-ամեակի յոբելենական շրջանին զուգադիպած երաժշտական փառատօնին եւ այլ ձեռնարկներու՝ մինչ մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ «LEASING EXPO 2023» տօնավաճառը։

Երեքշաբթի, Յունիս 6, 2023