ԱՐԱ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿՈՒԵՑԱՒ ԳՐԱՒԻ ՓՈԽԱՐԷՆ

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան, որ նախընթաց օր հսկողութեան տակ առնուած էր զեղծումներու կասկածով, ազատ արձակուեցաւ եւ իր պարագային դատարանը սահմանեց 1 միլիոն հայկական դրամի չափով գրաւ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արա Վարդանեանի փաստաբանը՝ Լուսինէ Սահակեան ընդգծեց, որ քննիչը առարկութիւն մը չէ ունեցած այս մասին։

«Մենք միջնորդութիւն ներկայացուցինք, որպէսզի խափանման միջոցը փոխուի՝ սահմանելով գրաւ 1 միլիոն դրամի չափով, իսկ քննիչը չառարկեց», ըսաւ փաստաբանը։

Երեւանեան աղբիւրները այս առաւօտ տեղեկացուցին, որ Արա Վարդանեան ներկայացած է աշխատանքի եւ Համահայկական հիմնադրամի պարագային ամէն ինչ կը գտնուի բնականոն հունի մէջ։

Ուրբաթ, Յուլիս 6, 2018