ՆՈՐ ՎԱՐԱԿԵԱԼՆԵՐՈՒ ԹԻՒԸ ՄԻՇՏ ԿԸ ՄՆԱՅ ՀԱԶԱՐԻ ՇԵՄԷՆ ԲԱՐՁՐ

Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրով վարակուածներու թիւը կը շարունակէ մնալ հազարի նշաձողէն աւելի բարձր։ Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան հրապարակեց վիճակագրական հերթական տուեալները։ Այսպէս, ըստ նախարար Ֆահրետտին Քոճայի հրապարակումներուն, երէկ Թուրքիոյ մէջ կատարուեցաւ 46 հազար 414 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1148 նոր վարակեալ։ Երէկ եւս 19 հոգի զոհ գնաց համաճարակին եւ նոյն ժամանակաշրջանին առողջացածներու թիւը եղաւ 1188։

Ըստ Ֆահրետտին Քոճայի, վերջին երեք օրերու ընթացքին միջին հաշուով վարակը առաւել չափով ծաւալած է Իսթանպուլի, Անգարայի, Կազիանթէպի, Մարտինի, Քոնիայի, Պուրսայի եւ Տիարպաքըրի մէջ։

Նախարարը մատնանշեց, որ խտացեալ խնամքի ենթակայ հիւանդներու թիւը բարձրացած է նոր վարակեալներու զուգահեռ եւ յաւելման միտումը կը շարունակուի։ 

Երկուշաբթի, Յուլիս 6, 2020