ԱԴԱՄԵԱՆ ԱՆՑԱՒ «ՔԷՕԼՆ»

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յարձակողներէն Սարգիս Ադամեան փոխանցուեցաւ Գերմանիոյ «Քէօլն» ակումբը։ Յայտնի մարզիկը վերջին շրջանին բաւական վերելք արձանագրած է եւ այս հիման վրայ այլեւս մաս պիտի կազմէ գերմանական այս նշանաւոր խումբին։ «Քէօլն» ակումբի աղբիւրներն ալ պաշտօնապէս հաստատած են այս փոխանցումը։

Պունտեսլիկայի վերջին մրցաշրջանը աղիւսակի 7-րդ հորիզոնականի վրայ աւարտած «Քէօլն»ի կազմէն ներս Սարգիս Ադամեան հանդէս պիտի գայ թիւ 23 մարզաշապիկով։

«Շատ ուրախ եմ այս ակումբին միանալով։ Որոշեցի «Քէօլն»ին միանալ, որովհետեւ ան հրաշալի ակումբ մըն է, իւրօրինակ երկրպագուներով եւ քաղաքն ալ շատ կը սիրեմ», յայտնեց այս առթիւ Սարգիս Ադամեան։

Անցեալ մրցաշրջանի երկրորդ հատուածին Սարգիս Ադամեան վարձավճարով հանդէս եկած էր Պելժիոյ «Պրիւժ» ակումբի կազմէն ներս։ 16 խաղի ընթացքին ան յաջողած էր արձանագրել 6 կոլ եւ կոլային փոխանցումի ալ հեղինակը դարձած էր։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 6, 2022