ԲԱՑՕԹԵԱՅ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ

Երեւանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ «Սուրբ Աննա ամառնային համերգաշար 2022» անուանեալ բացօթեայ ձեռնարկներու նախաձեռնութիւն մը։ «Յովնանեան» ընտանեկան հիմնադրամի կողմէ կազմակերպուած էր՝ մշակութային ժառանգութեան պահպանման ուղղեալ այս յատկանշական համերգաշարը, որ Երեւանի կեդրոնին համախմբեց հոծ թիւով երաժշտասէրներ։ Մայրաքաղաքի հնագոյն՝ Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ բակին մէջ կեանքի կոչուեցաւ ծրագիրը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի օրհնութեամբ։ Հոգեւոր եւ դասական երաժշտութեան համերգներով հանդէս եկան «Տաղարան» համոյթը, «Հովեր» երգչախումբը, «Կոմիտաս» լարային քառեակը եւ «Հայաստանի փոքրիկ երգիչներ» երգչախումբը։

Նախաձեռնարկ հիմնադրամը այս համերգաշարը ձօնած է իր երջանկայիշատակ հիմնադիր-նախագահ Հրայր Յովնանեանի եւ լուսահոգի կողակցին՝ Աննա Յովնանեանի յիշատակին։ 

Չորեքշաբթի, Յուլիս 6, 2022